ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սոնա Ղազարեան ԵԽԽՎի լիագումար նստաշրջանին դիտել տուաւ, որ 2020ին, Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք, Հայաստան տեղափոխուած եւ ապաստան գտած են առաւել քան 91,000 անձեր, որոնց 88 տոկոսը՝ կանայք եւ մանուկներ:
Ան անդրադարձաւ Հայաստանի զանազան մակարդակներու վրայ կիներուն դերակատարութեան, յատկապէս՝ խորհրդարանին մէջ:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշակած է նաեւ ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդի թիւ 1325 բանաձեւի կատարման երկրորդ ազգային գործողութիւններու ծրագիրը՝ վերահաստատելով իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու իր աշխատանքը կանանց, խաղաղութեան եւ ապահովութեան հարցերու մէջ:
Ծրագիրը կ՛անդրադառնայ 2020ի աշնան, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք Արցախէն տեղահանուած կիներու հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն:
«Պատերազմը սկսուել է COVID-19 համաճարակի ժամանակ՝ այդպիսով բարդացնելով կանանց եւ աղջիկների արդէն իսկ ծանր իրավիճակը: Այսպիսով, ծրագիրը ներկայացնում է ճգնաժամի մէջ գտնուող կանանց եւ աղջիկների խնդիրները՝ անդրադառնալով նրանց անվտանգութեան բաղադրիչին: Ծրագիրն անդրադառնում է բռնի տեղահանուած կանանց խնդիրներին, սահմանային նոր իրավիճակի հետեւանքով առաջացած անվտանգութեան մարտահրաւէրներին ու դրանց ազդեցութեանը կանանց եւ աղջիկների վրայ: Վերջապէս, ես պէտք է անկեղծ լինեմ եւ ասեմ, որ իսկապէս զարմացած եմ լսել, թէ ինչպէս ԵԽԽՎում մեր կին գործընկերները եւ հարեւան երկրներում բարձրաստիճան այլ կին պաշտօնեաներ կարող են խօսել պատերազմի եւ բռնութեան օգտին՝ գտնելով արդարացումներ», եզրափակեց Ղազարեան: