ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ եւ ատրպէյճանցի 11 անկախ փորձագէտներէ կազմուած խումբը 27-28 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի Քաչրեթի քաղաքին մէջ:
Խումբի անդամ Ջոնի Մելիքեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ հանդիպման մասնակցողները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ փոխվստահութեան ամրապնդման շարունակական ջանքերուն վերաբերող հարցեր:
«Ֆորմատը (ձեւաչափը) ստեղծուել է LINKS Europe կազմակերպութեան կողմից, որին աջակցում է Եւրամիութիւնը: Այն պէտք է հնարաւորութիւն տայ, որպէսզի երկու երկրների փորձագէտները հանդիպեն, շփուեն, կիսուեն կարծիքներով եւ փորձեն տեսնել հակառակ կողմի մօտեցումը կամ լսեն միմեանց, հասկանան` ինչ կարելի է կառուցել եղած հիմքի վրայ», նշեց Մելիքեան։
Հակառակ անոր որ Ատրպէյճան տագնապը լուծուած կը նկատէ, սակայն հարցերը բաւական շատ են, կայ հարցերու լուծման կարիք: Հայ փորձագէտները մնայուն կերպով արտայայտած են այն տեսակէտը, որ հակամարտութիւնը չէ լուծուած: Ըստ Մելիքեանի՝ Եւրոպական Միութիւնը շարունակութիւն պիտի տայ այս ձեւաչափին:
«Բացատրական աշխատանքը պէտք է շարունակել: Ի վերջոյ, ժամանակ կը գայ, եւ նրանք էլ այս հանդիպմանը անկախ փորձագիտական մօտեցումներով կը գան, ոչ թէ իրենց իշխանութիւնների թեզերը արտաբերելու համար: Կողմերը պէտք է սկսեն քննարկել ապագայի մասին, ինչպէս կարելի է լուծել հարցերը: Պարտադիր է հանդիպել, բացատրական աշխատանքներ վարել, ցոյց տալ Արեւմուտքի մեր գործընկերներին, որ մենք գնում ենք երկխօսութեան, ունենք մեր մօտեցումները, որոնք շատ յստակ հիմքերի վրայ են», ըսաւ Մելիքեանը:
Ըստ անոր՝ հանդիպումները կրնան նպաստել, որ Ատրպէյճան գայ այն եզրակացութեան, որ միակողմանի ոչինչ կ՛ըլլայ: Դժուար է խօսիլ տեսանելի եւ շօշափելի արդիւնքներու մասին, բայց կան հարցեր եւ թեմաներ, որոնց մասին քննարկումները պիտի ստիպեն խօսիլ առաջարկներու մասին:
Փորձագէտ Տարօն Յովհանիսեան կը շեշտէ, որ քաղաքական եւ բանակցային օրակարգերը քննարկման ենթակայ չեն: Փորձագիտական խումբը չի զբաղիր հակամարտութեան գնահատմամբ, բանակցային, խաղաղութեան գործընթացով: Սակայն հայկական խումբը իր մտահոգութիւնները կը բարձրացնեէ:
Ըստ անոր՝ եթէ հարցեր չըլլային` Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ հաւանաբար փորձ կատարուի միտիայի մէջ վերահսկողութիւն իրականացնել՝ ատելութեան խօսքի եւ հռետորաբանութեան հարցով: Այս ծիրին մէջ կարելի է քննարկել Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ զինադադարի խախտումները։
Խումբը սահմանած է նաեւ այն քայլերը, որոնց պիտի ձեռնարկուի յաջորդ վեց ամսուան ժամանակաշրջանին՝ աջակցելու տարածաշրջանին մէջ շարունակուող խաղաղութեան ջանքերուն, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու իր շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն եւ այլ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային շահագրգիռ կողմերուն հետ` բացայայտելու լաւագոյն ուղիները, որոնք կրնան նպաստել խաղաղութեան շարունակական ջանքերուն` օգնելով կառուցել երկխօսութիւն եւ վստահութիւն: