Յունիս, 20ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան երկօրեայ հովուական այցելութեամբ` ուղեւորուեցաւ Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներ` տեսակցելու եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն:
2014ին, Մեքսիքայի Հայոց թեմը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի իրաւասութեան տակ անցնելէն ի վեր, առաջնորդը բազմաթիւ հովուական այցելութիւններ կատարած է Մեքսիքա՝ մշտապէս իր հայրական խնամքին տակ պահելով տեղւոյն հայ համայնքը։
21 Յունիսին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ, երկու երկրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ընդունելութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին դեսպան Արմելլա Շաքարեան իր ողջոյնի խօսքով նախ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ մնացեալ ներկաներուն։
Ընդունելութեան ներկայ էին Մեքսիքայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին ծերակուտական Ալեխանդրա Լէոն, որ նախաձեռնած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Մեքսիկայի Ծերակոյտին մէջ, Պատգամաւորներու պալատի բարեկամութեան խումբի նախագահ Պերենիս Խուարես, Մեքսիքայի Տնտեսական վերլուծութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Խոսէ Սարուխան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ դիւանագիտական շրջանակի հիւրեր:
Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Մեքսիքայի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ եկեղեցականներ։
Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ ներկայ եկեղեցականներուն մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ միասնական էքիւմենիք աղօթք` յանուն երկու երկիրներու խաղաղութեան եւ անդորրութեան, որմէ ետք առաջնորդը իր օրհնութիւնը եւ երախտիքի խօսքը ուղղեց դեսպանին եւ ներկաներուն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992ի Յունուարի 14ին:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ