Հայ-գանատական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման էապէս նպաստելը միշտ եղած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Այս պարունակին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ միշտ կարեւոր նկատուած է Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատուն հիմնելը՝ իբրեւ միջպետական յարաբերութիւններու նոր որակի ցուցանիշ եւ հեռանկարային համագործակցութեան երաշխիք։ Այս ուղղութեամբ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող տարիներուն հսկայական աշխատանք կատարած է, յաճախ ընդգծելով, որ Գանատան «Մեծ եօթնեակ»ի միակ պետութիւնն է, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չունի Հայաստանի մէջ։
Այս աշխատանքին շնորհիւ, Գանատայի կառավարութիւնը որոշեց Հարաւային Կովկասի տարածքին մէջ իր առաջին դեսպանատունը Հայաստանի մէջ բանալ:
Յատկանշական է, որ որոշումէն ամիսներ առաջ Եւրոպական Միութեան մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ, դեսպան Ստեֆան Տիօոն յատուկ առաքելութեամբ այցելած էր Հայաստան։