ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 27 Յունիսին, Ս. Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընծայ երեք միաբան հայրերու։
Քառասուն օրեր առաջ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանի երեք սարկաւագները, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան եւ օծուեցան ու վերանուանուեցան հայր Արմէն, հայր Առաքել եւ հայր Ազատ:
Աւանդաբար, նորաօծ եկեղեցականը քառասուն օրեր պահեցողութեամբ անցընելէ ետք, անդրանիկ Ս. եւ անմահ պատարագով կը նուիրուի ծառայական նոր կեանքի:
Առ այդ, վեհափառին անմիջական հսկողութեան տակւ իրենց քառասունքը լրացնելէ ետք, նորընծայ աբեղաները Լիբանանի Հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ իրենց անդրանիկ Ս. պատարագը մատուցեցին: Արդարեւ, Արմէն աբղ. Գալաճեան պատարագեց եւ քարոզեց Այնճարի Ս. Պօղոս, Առաքել աբղ. Գատէհճեան՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եւ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից մանկանց եկեղեցիներուն մէջ:
Աւանդութեան հետեւելով՝ նորընծայ միաբան հայրերը իրենց անդրանիկ Ս. պատարագէն ետք, առաջնորդութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի՝ բարձրացան կաթողիկոսին մօտ եւ անոր ներկայացուցին իրենց անդրանիկ Ս. պատարագի մասն ու նշխարը: Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, կարեւորութեամբ շեշտեց հաւատարիմ եւ պարտաճանաչ հոգեւորական ըլլալու հրամայականը՝ յատկապէս թելադրելով, որ Դպրեվանքէն իրենց ստացած հոգեմտաւոր կազմաւորումը շարունակեն: