ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 1 Յուլիսին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի չորրորդ հանդիպումը:
Երեւան եւ Անգարա պայմանաւորուեցաւ հնարաւոր ամէնէն սեղմ ժամանակաշրջանի մէջ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովել՝ համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, եւ որոշեցին այդ գծով անհրաժեշտ գործընթացներու սկսիլ։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կողմերը պայմանաւորուեցան նաեւ հնարաւոր ամէնէն սեղմ ժամկէտներու ընթացքին մեկնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու իրականացումը եւ որոշեցին այդ ուղղութեամբ եւս սկսիլ անհրաժեշտ գործընթացներու:
Բացի այդ, քննարկուեցան այլ կարելի յստակ քայլեր, որոնց կարելի է ձեռնարկել՝ երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար, ինչպէս նաեւ դարձեալ ընդգծեցին իրենց պայմանաւորուածութիւնը` շարունակելու կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու:
Թրքական կողմը հրապարակեց հանդիպման մասին նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն մը: