ՏԵՆՎԸՐ.- Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ իր կողմէ ընտրուած եւ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող երկու երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Տենվըրի մէջ տեղի ունեցած «Նոր ամերիկացի ղեկավարներ» ու համաժողովին, որուն նպատակն է՝ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած առաջին եւ երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչները մղել երկրին քաղաքական կեանքին գործնականապէս մասնակցելու:
Մասնակցողներէն էին` Հայաստանէն ներգաղթած ծնողներու զաւակ Ատրինա Խաչատուրեան եւ Իւզպէքիստան ծնած Ֆարիզա Աքմալովա:
Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիմոն Մաղաքեան կը յայտնէ, թէ հակառակ անոր որ Ատրինան եւ Ֆարիզան կու գան տարբեր ազգերէ եւ կրօնքներէ, անոնք կը հանդիսանան տիպար օրինակներ այն իրողութեան, թէ ներգաղթողները որքան արժէքաւոր են երկրի բարգաւաճման համար: