ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերուն առիթով, Կիրակի, 26 Յունիսի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, որուն ներկայ եղաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան՝ ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի։ Առաջնորդ սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի միաւորին արձանագրած յաջողութիւնները, ի մասնաւորի՝ Նաւասարդեան խաղերու ամէնամեայ կազմակերպումը, որ կը շարունակուի 45 տարիէ ի վեր՝ իրարայաջորդ սերունդներու յաղթական երթով:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը նաեւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Նաւասարդեան 45րդ խաղերու նախագահ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն, ինչպէս նաեւ «Տիպար ՀՄԸՄ»ական տիտղոսին արժանացած Վարանդ Մելքոնեանին մասին, վեր առնելով անոնց ցուցաբերած բազմամեայ ծառայութիւնը, հայութեան կեանքին մէջ:
«Համավարակին պատճառով երկու տարուան պարտադիր դադարէ ետք, յաղթանակի պարահանդէսի կայացումը նոր յոյսերով կը լեցնէ շրջանի հայութիւնն ու մեզ բոլորս», նշեց սրբազան հայրը՝ դիտել տալով, որ ժողովրդանուէր իր բնոյթով՝ ՀՄԸՄը կը մնայ ամէնէն սիրելի կազմակերպութիւնը մանուկ հայէն մինչեւ ամենախոր ծերութեան մէջ գտնուող հայորդիին համար, ապա ան շնորհաւորեց Նաւասարդեան խաղերու նախագահ զոյգը եւ տիպար ՀՄԸՄականը, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, կազմակերպիչները եւ աշխատանքներուն մասնակցող միութենականները, հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը, ծնողները, բարեկամներ եւ բարերարները ու իր խօսքի աւարտին առողջ եւ յարաճուն վերելք մաղթեց ազգաշէն, հայրենանուէր ու պատկառելի վաստակի տէր սիրելի ՀՄԸՄին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ