Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Կասպից ծովը եզերող երկիրներու ղեկավարներու հաւաքին առթիւ։ Ըստ ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Փութին եւ Ալիեւ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւնները։ Օրակարգի վրայ էին նաեւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ հարցերը։
Փութին յայտնեց, որ այս ժամանակաշրջանին կը նախապատրաստուին Ռուսիոյ վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահին Պաքու այցելութիւնները։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ կողմերը քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր։ Շօշափուեցան նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի պահպանման, կայունութեան ամրապնդման, փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ու տնտեսական կապերու հաստատման։