Հինգշաբթի, 23 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի` այցելեց Պըրպենքի մէջ նոր կառուցուած «Փրովիտընս Սէնթ Ժոզէֆ» բժշկական կեդրոնի Շտապ օգնութեան եւ Ընտանեկան առողջութեան մասնաբաժինները: Հանդիպման ներկայ էին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր, Warner Bros ընկերութեան նախկին նախագահներէն Սթիւ Փափազեան, ինչպէս նաեւ Պըրպենքի նախկին քաղաքապետներ Պապ Ֆրուտոս եւ Մայքըլ Հէյսթինկզ:
Վերոնշեալ Շտապօգնութեան եւ Ընտանեկան առողջութեան մասնաբաժիններու բարերարներու շարքին մէջ է նաեւ Արեւմտեան թեմը՝ 50,000 տոլարի նուիրատուութեամբ։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը 2020էն սկսեալ կը համագործակցի «Փրովիտընս Սէնթ Ժոզէֆ» բժշկական կեդրոնին հետ, Emergency Services Minutes Matter ծրագիրի շրջանակներուն մէջ։ Երկար տարիներէ ի վեր, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կը ղեկավարէ «Փրովիտընս Սէնթ Ժոզէֆի Բարեկամներ»ը եւ շրջանակը, որուն մէջ ներառնուած են առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ նշանակուած ազգայիններ։
Դիւան Առաջնորդարանի
