ԹԵՀՐԱՆ.- 28 Յունիսին, Թեհրանի «Արտակ Մանուկեան» Ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Իվէթ Թաճարեանի՝ «Մատենադարանի ղաջարական արուեստի նմուշները» գիրք-ալպոմին շնորհահանդէսը։
Գիրքը կ՛ընդգրկէ 20 ձեռագիրներու շուրջ 100 մանրանկարներ եւ խեժապատ ստեղծագործութիւններ: Ներկայացուած արուեստի նմուշները ամբողջութեամբ կ՛ընդգրկեն եւ լաւագոյնս կը պատկերեն ղաջարական ժամանակաշրջանի իրանեան մանրանկարչութեան ինքնատիպութիւնը:
Ձեռնարկը մեկնարկեց Ազգային թանգարանի տնօրէն Ալիս Շահմուրադեանի ողջոյնի խօսքերով. ան անդրադարձաւ նաեւ թանգարանի աշխատանքներուն: Գիրքին մասին համապարփակ բացատրութիւն փոխանցեց հեղինակ Իվէթ Թաճարեան՝ ընդգծելով, որ հայերէնով, անգլերէնով եւ պարսկերէնով լոյս տեսած սոյն աշխատանքին մէջ հաւաքագրուած են Մատենադարանին մէջ Իրանի ղաջարական ժամանակաշրջանի նկարազարդ լաւագոյն ձեռագիրներէն ծաղկաքաղ մը: Ան ընդգծեց, որ գիրքը հրատարակուած է Ռուսիայէն «Վիքթորիա» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ Գայիանէ Գէորգեանի ջանքերով, շատ քիչ տպաքանակով եւ մտադրութիւն կայ գիրքը վերահրատարակել, որովհետեւ անիկա կը յուշէ Իրան-Հայաստան սերտ կապերու մասին: «Ես փորձել եմ, որպէս իրանահայ իմ ներդրումը ունենալ այս գրքի կազմաւորման մէջ, ձեռագրերի հաւաքագրման եւ ուսումնասիրման հարցով», ըսաւ ան:
Շնորհահանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան Իրանի մէջ ԻԿՈՄի պատասխանատու Մոհիթ Թաբաթաբայի, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտ Գարիկ Գրիգորեան, Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վահէ Թարոյեան, իսկ եզրափակիչ խօսքով Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան: Իր ելոյթին ընթացքին սրբազանը, կարեւոր համարելով կատարուած աշխատանքը եւ բարձր գնահատելով հեղինակը՝ գիրքը բացայայտ օրինակ մը համարեց Իրան-Հայաստան մշակութային եւ պատմական սերտ կապերուն գծով եւ կարեւոր համարեց Իրանի մէջ հայկական կոթողներու նկատմամբ Իրանի կառավարութեան անվերապահ ուշադրութիւնը՝ ընդգծելով, որ թէ՛ արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ այսօր Արցախի մէջ, սժբախտաբար, թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները կ՛աւերեն հայկական կոթողները:
Սրբազանը գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի նման բարեացակամ մօտեցման մասին եւ հրատարակուած գիրքը համարեց երկու ժողովուրդներու հոգեկան, մշակութային եւ մտաւորական կապը ու գովեստով անդրադարձաւ գիրքի հեղինակ Իվէթ Թաճարեանի մասին: