

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Կկաթողիկոսութիւնը իր մասնակցեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31րդ նիստին, 25 Յունիս 2022ին, Երեւանի մէջ: Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Շահան արք. Սարգիսեան (մատենադարանապետ): Ժողովը քննարկեց օրակարգային երեք նիւթեր՝ գործադիր տնօրէնի 2021ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, տարեկան՝ 2021ի նիւթական հաշուետուութունը եւ կանոնադրութեան փոփոխութեան հարցը: Ժողովը կատարեց համապատասխան տնօրինումներ ։
Այս ժողովին առընթեր, Շահան սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ, յատկապէս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. վեհափառին հետ՝ փոխանցելով Արամ Ա.ի եղբայրական ողջոյնները, իսկ այլ առիթով ան այցելեց Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանուհի դոկտ. Նորա Արիսեանին, որուն փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառի շնորհաւորութիւնները դեսպանական նոր պաշտօնին եւ բարի ծառայութեամբ յաջողութիւն մաղթեց անոր: