ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ի առաջին ինը ամիսներուն, ներքին պետական պարտքի ընդհանուր ծաւալը, որ ազգային դրամանիշով պետական արժեթուղթերու վաճառքի բերումով գոյացած է, հասած է 55.8 միլիառ դրամի:
Ներքին պետական պարտքի ընդհանուր ծաւալէն պետական (գանձապետական) կարճաժամկէտ պարտատոմսերը կազմած են 6.7 միլիառ դրամ, միջին ժամկէտով պարտատոմսերը՝ 37.3 միլիառ դրամ եւ երկարաժամկէտ պարտատոմսերը՝ 11.7 միլիառ դրամ:
Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ գտնուող պարտատոմսերու միջին եկամուտը, կարճաժամկէտի պարագային 4.56 տոկոս է, միջին ժամկէտի պարագային 7.06 տոկոս, իակ երկարաժամկէտ պարտատոմսերուն համար՝ 8.58 տոկոս: