Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, տարագրութենէն 91 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Առ այդ, Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ։
Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի 91րդ հունձքի աւարտական հանդէսը, որուն ներկայ էին Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրեր, ուսուցիչներ, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Անթիլիասի Մայրավանքը ժամանած ուխտաւորներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ ու բարեկամներ։
Հանդէսը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դպրեվանեցիներուն կողմէ վայելեցին «Կտոր Մը Երկինք» եւ «Երկինքն Ամպել Է» երաժշտական կտորները։ Յաջորդիւ, նորաօծ Արմէն աբղ. Գալաճեան, յանուն իր օծակից եղբայրներուն, ընթերցեց աւարտական դասարանի ուղերձը, որուն մէջ երախտագիտութեամբ յետադարձ հայեացք կը կատարուի ուսումնական-կրթական անխորտակելի ամրոցին՝ Դպրեվանքին, մէջ իրենց անցուցած տարիներուն, որուն ընթացքին լծուած էին Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան պատրաստութեան աշխատանքին։ Ան իր խօսքը շարունակեց՝ նշելով, որ սոյն վկայականով ո՛չ թէ վերջ կը դնեն ճանապարհորդութեան մը, այլ սկիզբ՝ ծառայութեան կատարելագործման նոր հանգրուանի մը։ «Կը յիշենք, թէ ինչպէս Դպրեվանքեան մեր առաջին օրերուն, Դպրեվանքի մուտքին զետեղուած երկու բառերը՝ «Խորհէ եւ Մտիր»ը, առաջնորդեց մեր քայլերը դէպի այն տունը, ուր կերտուեցանք իբրեւ մարդ եւ ծառայ։ Չենք կրնար մեր հոգիներէն ու միտքերէն անջատել «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին բառերը, որոնք մեզ մղեցին ընտրելու այն ճանապարհը, որ մեր «ես»էն անդին՝ դէպի վեհ արժէքներու կ՛առաջնորդէ», ըսաւ հայր սուրբը։ Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի նախկին եւ ներկայ տեսչութիւններու անդամներուն, ուսուցիչներուն, դպրեվանեցի եղբայրներուն, ծնողներուն, ինչպէս նաեւ հայրապետին։


Գեղարուեստական յայտագիրը, խմբավարութեամբ Երեմիա աբղ. Տէկիրմենճեանի՝ կը կրէր «Հաւատք եւ Հող» խորագիրը եւ սաները ասմունքներով ու երգերով հանդէս եկան՝ ներկայացնելով հայկական մշակութային պատառիկներ։
Գեղարուեստական յայտագիրէն անմիջապէս ետք, Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան արտասանեց 2021-2022 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի տեսչական իր խօսքը։ «Անցնող Ուրբաթ օր, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ներկայ գտնուեցանք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին. իսկ այսօր մեր դիմաց ներկայ է Դպրեվանքը՝ իր ուսանողութեամբ եւ հունձքով։ Ահա երկու շարժառիթներ, որոնք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ կը վերակենդանացնեն Սիսը, իր կաթողիկոսանիստ փառահեղ Մայրավանքով, եւ միաժամանակ՝ մեր ոգեղէն էութեան մէջ անոր կտակի կանչին արձագանգումով»։
Տեսուչ հայր սուրբը, անդրադառնալով Սիսի պարպումին եւ յետագային՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի աճման՝ ընդգծեց. «1915ի Ցեղասպանութեան օրերուն, Կիլիկիոյ միաբանութիւնը կարաւան դարձած, Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը գրկած, շքեղ Սիս քաղաքը կը պարպէր ու բռնի կերպով կը հեռանար իր սիրելի հողէն։ Օրուան դէպքերուն վկայագրող սրբազանը կը գրէր. «Կիլիկիեան աթոռին համար պատմական արժէք ունեցող այս կարգի բոլոր հնութիւնները Սիս թողուցած, նոյն օրը ճամբայ կ՛ելլենք եւ հազիւ թէ հասած քաղաքին ծայրը՝ արկածով մը Միւռոնին ամանը կը կոտրի եւ Սսոյ նուիրական հողը՝ վերջինը ըլլալով, անգամ մը եւս կ՛օծուի Սրբալոյս Միւռոնով»։ Բոլոր անոնք, որոնք ականատես եղած են այս ահաւոր դէպքին, ինչպէս նաեւ բոլոր յաջորդող սերունդները, որոնք լսեցին անոր մասին, թերեւս մեր կաթողիկոսութեան եւ ազգին մահուան պատկերացումը ունեցան։ Սակայն, այնպէս ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ, այն հատիկը, որ հողին մէջ կը մեռնի, ան է, որ կ՛ապրի եւ նոր կեանք կ՛ունենայ: Նոյն օրինակով եւ սկզբունքով, հողին մէջ ծորած Սրբալոյս Միւռոնը, ահաւասիկ կը շարունակէ ծաղկիլ Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի հողերուն վրայ։ Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ Սրբալոյս Միւռոնը կիլիկեան հողին մէջ արցունքով ու ողբով ծածկող միաբանութիւնն ու ժողովուրդը պիտի տեսնէին կիլիկեան հողէն ծիլարձակուած նոր սերունդներ, նուիրուած Հայ Ազգին եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ թէկուզ կիլիկեան հողերէն հեռու։ Ահա Դպրեվանքի երիտասարդ սերունդները եւ հոնկէ խտացող Կիլիկեան միաբանութեան շարքերու նոր ուժերը ցոյց կու տան, թէ Սրբալոյս Միւռոնը պարզապէս օրհնուած իւղ մը չէ, այլ՝ անիկա այն աստուածային շնորհքն է, որ կը մարմնաւորուի մարդուն մէջ, որպէսզի նոր աւիւն եւ սերմեր ցանէ մեր ազգին ու եկեղեցիին անդաստանին մէջ»։
Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Արամ Ա. հայրապետին, որ, հակառակ հայրապետի իր ծանր պատասխանատուութիւններուն ու մտահոգութիւններուն, ոչ մէկ ճիգ խնայեց Դպրեվանքը պահելու իր լաւագոյն կարգավիճակին մէջ։ Հայր սուրբը իր եղբայրական շնորհակալութիւնը յայտնեց տեսչական անդամներուն՝ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանին, Եղիա աբղ. Մալխասեանին եւ Երեմիա աբղ. Տեկիրմենճեանին, որոնք անձնազոհ նուիրուածութեամբ դպրեվանեցիներուն համար եղան մեծ եղբայրներ եւ արթուն հսկողներ։ Ապա, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին վանքի վանահօր՝ Շնորհք Ծ. վրդ. Աշըգեանին, որ իր բոլոր պատասխանատուութիւններուն առընթեր միշտ օգտակար դարձաւ Դպրեվանքին՝ հասնելով անոր բոլոր կարիքներուն։ Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրեալ ուսուցչական կազմին, որոնք, հակառակ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն, ընդունեցին Դպրեվանքը իբրեւ իրենց հարազատ տունը եւ չզլացան դպրեվանեցիներուն ջամբել լաւագոյն կրթութիւնը։
Հուսկ, տեսուչ հայր սուրբը Դպրեվանքի ուսուցչապետ Արամ Ա. հայրապետը բեմ հրաւիրեց, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ փոխանցէ իր հայրապետական պատգամը։ Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը եւ արդար հպարտութիւնը յայտնեց՝ ի տես Դպրեվանքի հունձքին։ Հայրապետը շեշտեց Դպրեվանքին սոսկ կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէն անդին մարդակերտ հնոց ըլլալը: «Դպրեվանքը մարդ պատրաստող հոգեւոր կեդրոն է։ Դպրեվանքը գլխագիր մարդու պատրաստութեան լծուած հոգեմտաւոր սրբավայր է։ Այսպէ՛ս եղաւ Դպրեվանքը եւ կը շարունակէ այսպէ՛ս մնալ։ Ա՛յս է Դպրեվանքին ինքնութիւնը, նկարագիրը, կոչումը», ըսաւ կաթողիկոսը։
Անդրադառնալով Ցեղասպանութենէն ետք մարդու պատրաստութեան հրամայականին, կաթողիկոսը հաստատեց, որ Դպրեվանքը վեհափառ հայրապետներու աջակցութեամբ, միշտ լծուած եղած է հաւատք, նուիրում, սէր եւ յանձնառութիւն ունեցող գլխագիր մարդ պատրաստելու աշխատանքին՝ աւելցնելով, որ անոնք, որոնք Դպրեվանքէն անցած են, կ՛ապրին Դպրեվանքը, որովհետեւ Դպրեվանքը անցեալ չէ, այլ միշտ ներկայ է։ «Ոգի է Դպրեվանքը, հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, տեսիլք տուող սրբավայր է ան», յայտնեց ու շարունակեց, որ վկայականը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եթէ անիկա պատասխանատուութեան ու յանձնառութեան չվերածուի՝ կոչումի բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ: «Այս է, որ կու տայ Դպրեվանքը մեզի։ Այսպէս մենք կազմաւորուեցանք Դպրեվանքէն ներս։ Վայ այն անձին, որ վկայանով դպրոցին, Դպրեվանքին ուսման էջը կը փակէ։ Յատկապէս հոգեմտաւոր կազմաւորումը վերջակէտ չի ճանչնար. ան մնայուն ընթացք է։ Դպրեվանքը ա՛յս գիտակցութեամբ մեր մէջ պէտք է մնայ կենդանի ներկայութիւն», ընդգծեց կաթողիկոսը։

Անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան՝ հայրապետը ըսաւ, որ Դպրեվանքը աշխարհ մըն է, ուր մենք կը բացուինք ներկայ ժամանակներու գիտութեան, կ՛առնենք ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ կը բացուինք մեր ազգի դարաւոր պատմութեան՝ աւելցնելով. «Դպրեվանքի դասարաններէն ներս, եկեղեցւոյ մէջ, Դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ, մեր պատմութեան միտքի ու հոգիի տիտանները կեանք կ՛առնեն եւ կեանք կու տան մեզի, կը շնչաւորեն մեզ, կը թրծեն մեզ մեր արժէքներով, տագնապներով, տեսլականով։ Դպրեվանքին մէջ ներկայ է մեր եկեղեցին, իր արժէքներով։ Դպրեվանքին մէջ նաեւ ներկայ է մեր հայրենիքը, մեր պահանջատիրութիւնը, մեր ազգը։ Դպրեվանքէն ներս այս տղաքը, ինչպէս մենք բոլորս այս ոգիով կազմաւորուեցանք։ Ծառայել Աստուծոյ, ծառայել եկեղեցւոյ կը նշանակէ ծառայել հայրենիքին, Արցախին, ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանին, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրութեան։ Ասոնք բառեր չեն, խօսքեր չեն, լօզունգներ չեն, այլ կեանքի որակ եղան եւ մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման առանցքը, մղիչ ոյժը կազմեցին»։
Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն՝ հայրապետը յորդորեց. «Դուք պիտի երթաք մեր ժողովուրդին, ձեր փառքը, ձեր պատիւը, ձեր պարտքը պիտի ըլլայ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին ծառայել։ Ուր որ կարիք կայ, պահանջք կայ, հոն պիտի երթաք։ Աղքատին, հիւանդին, զրկեալին մօտ պիտի երթաք եւ պիտի տաք ինչ որ կարելի է տալ անոնց։ Դուք մեր ժողովուրդէն եկաք եւ Դպրեվանքին մէջ վերամարդացած ժողովուրդին կ՛երթաք»՝ ապա հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ահաւասիկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան կու գան միանալու երեք երիտասարդ նորընծաներ։ Ես վստահ եմ, որ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը, իրենց ներկայութեամբ աւելի հզօրացած, աւելի կենսաւորուած պիտի շարունակէ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը՝ մեր հայրենիքին, Արցախին եւ մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն իտէալներու իրագործման։ Թող Աստուած անսասան պահէ մեր սիրելի Դպրեվանքը իր կեանքով եւ առաքելութեամբ։ Թող Աստուած հզօր պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ իր միաբանութեամբ, ժողովական կառոյցներով, թեմերով եւ իր ժողովուրդով»։
Դպրեվանքի 2021-2022 91րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի հանդէսը իր աւարտին հասաւ ներկաներու միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգին երգեցողութեամբ։