ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք իր տարեկան ձեռնարկին կազմակեռպիչ յանձնախումբի համատենապետութիւնը ստանձնած են իրաւաբաններ Քրիսթին Մակարեան եւ Լինա Դաւիթեան։
Դաւիթեան անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան, իսկ Մակարեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու ենթայանձնախումբի անդամներէն մէկն է։ Անոնք կը շեշտեն, թէ համաճարակին պարտադրած երկու տարիներու դադարէն ետք, իրենց կարելին պիտի ընեն՝ յաջողութեամբ պսակելու համար ձեռնարկը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, 24-25 Սեպտեմբերը «Հայ Դատի Շաբաթավերջ» հռչակելով՝ պիտի իրականացնէ վերջին տարիներուն, համաճարակին պատճառով ջնջուած Հայ Դատի խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ տարեկան աւանդական իր ձեռնարկը:
Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է՝ ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, նոյն ժամանակ պատուելու այն անհատները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունաելու գործին մէջ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել admin@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին։