ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծի (NDAA) քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուեցան 7 հայանպաստ յաւելուածներ, որոնք նաեւ պատժամիջոցներ կը պահանջեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ։
Ստորեւ յաւելուածներու առաջարկները.
– Թիւ 208 եւ 478 յաւելուածները ներկայացուեցան քոնկրեսականներ Քրիս Փափքսի եւ Կասի Պիլիրաքիսի կողմէ՝ պահանջելով արգիլել ամերիկեան «Էֆ.16» օդանաւերու արդիականացման անհրաժեշտ արհետսագիտութեան փոխանցումը Թուրքիոյ։
– Թիւ 682 եւ 724 յաւելուածները ներկայացուեցան քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ՝ պահանջելով կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։
– Թիւ 992 յաւելուածով, Ճեքի Սփիր կը պահանջէ պաշտպանութեան նախարարութեան հետաքննել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն ունեցած աղդեցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ։
– Թիւ 698 յաւելուածը ներկայացուց քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ պահանջելով Ատրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքայինները։
– Թիւ 837 բանաձեւը ներկայացուեցաւ քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենազի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ՝ պահանջելով արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն հետաքննել Թուրքիոյ տրամադրուած ամերիկեան արհեստագիտութեան ունեցած ազդեցութիւնը 44օրեայ պատերազմին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ շեշետելով, որ Հայ Դատը աշխատանքները կը շարունակէ յաւելուածներուն վաւերացումը ապահովելու համար։
Այս նպատակով քոնկրեսականներուն դիմելու համար այցելել www.anca.org/NDAA կայքէջը։