Թրքական «Հայրենիք» կուսակցութիւնը շարք մը մեծ քաղաքներու մէջ լայնածաւալ արշաւի մը սկսաւ՝ երկիրը ՆԱԹՕէն դուրս բերելու նպատակով, կը հաղորդէ թրքական «Այտընլըք» թերթը:
Ըստ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Տողու Փերինչեքի՝ Թուրքիոյ Հիւսիսատլանտեան դաշինքէն դուրս գալը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրին տնտեսական ապագային վրայ:
««Հայրենիք» կուսակցութեան կողմէ ձեռնարկուած «Դուրս գանք ՆԱԹՕէն» արշաւը հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ», կը նշէ թերթը՝ աւելցնելով, որ արշաւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք մօտեցած են քաղաքային եւ մարզային հրապարակներու վրայ ստորագրահաւաքի համար տեղադրուած սեղաններուն:
«Հայրենիք» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ չէ ներկայացուած: Այս կուսակցութեան ներկայացուցիչները ժրաջան կերպով կոչ կ՛ուղղեն՝ սերտ համագործակցութիւն հաստատելու Թուրքիոյ եւ եւրասիական տարածաշրջանին միջեւ: