ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր, նաեւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով 7 Յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 4:15ի շուրջ, կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան, մասնաւորապէս Վայոց Ձորի մարզի Ելփին գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն, ինչպէս նաեւ դէպի գիւղ տանող ճամբուն ուղղութեամբ՝ վնասելով քաղաքացիի մը ինքնաշարժը: Լուրը հաղորդեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ըստ աղբիւրին՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեց: Հայկական կողմէ տուժողներ չկան: