
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ ստորագրեց նահանգին 2022-2023 տարեշրջանի ամավարկը, որուն շնորհիւ 10 միլիոն տոլարի յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայ-ամերիկեան թանգարանին՝ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ թանգարանի ծրագիրի իրականացման ջանքերուն համար նահանգային ընդհանուր ներդրումը հասցնելով 19.8 միլիոն տոլարի։
Այս առիթով, Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան թանգարանի ղեկավարութեան եւ հայ համայնքին կողմէ երախտագիտութիւն յայտնեց նահանգապետին, որ կը շարունակէ զօրակցիլ այս կարեւոր նախաձեռնութեան, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ թանգարանի ծրագիրին առաջին օրէն ի վեր կը զօրակցի անոր իրականացման ջանքերուն։
Իր կարգին, Փորթանթինօ ողջունեց Նիւսըմի քայլը՝ շեշտելով, որ ծրագիրին իրականացումը պիտի նպաստէ բոլոր քալիֆորնիացիներուն։

Յիշեցնենք, թէ Մարտին տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան թանգարանին զօրակցողներուն ի պատիւ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուած էր, թէ թանգարանին կառուցման ի նպաստ հաւաքուած գումարը արդէն իսկ անցած է 31 միլիոն տոլարի սահմանը:
Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի: Արդէն իսկ կառուցելու սկսած երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Թանգարանի կառուցման ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: