ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ: Ասիկա շուրջ 30 տարիներ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող եւ փակ սահմաններով ապրող երկու երկիրներու ղեկավարներուն առաջին հեռաձայնային զրոյցն է:
Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծեցին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման եւ շնորհաւորեցին զիրար Ատհայի եւ Վարդավառի տօներուն առիթներով:
Փաշինեան եւ Էրտողան իրենց զրոյցին ընթացքին ակնկալեցին, որ 1 Յուլիսին, իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ատեն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները վերջին հանդիպման իբրեւ արդիւնք հասած էին պայմանաւորուածութեան՝ երկու դրացի երկիրներու սահմանը բանալու երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրութիւններ իրականացնել՝ օդային ճամբով:
Փաշինեանի եւ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին արձագանգեց Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրելով. «Յոյս ունիմ, որ նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը պիտի արագացնէ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող բնականոնացման գործընթացը»:
2018ին հաղորդուած էր Փաշինեան-Էրտողան հեռաձայնային զրոյցին մասին, սակայն պաշտօնական Երեւան հերքեց այդ մէկը: Իսկ նախորդ Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպելու առաջարկ կատարած էր՝ Վրաստանի վարչապետին միջոցով:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային սահմանը փակ է 1993էն ի վեր:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը առարկայական փուլ մտաւ անցեալ տարեվերջին, երբ կողմերը բանակցութիւններու սկսելու համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցին: