ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի 11 Յուլիսի հեռաձայնային զրոյցէն ետք, պաշտօնական Երեւան յայտարարեց, թէ կ՛ակնկալէ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին` յառաջիկայ ամիսներուն, արդէն կեանքի կոչել ձեռք բերուած պայմանաւորածութիւնները` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար բանալ ցամաքային սահմանը եւ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւնները մեկնարկել: Բանակցութիւններուն մէջ, ըստ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի, նախապատրաստական երկկողմ գործընթաց տակաւին չկայ, բայց շուտով պիտի սկսի:
«Սրանք, բնականաբար, դրական պայմանաւորուածութիւններ են, բայց այսպիսի բարդ գործընթացներում ամենակարեւոր բաներից մէկը առաջին պայմանաւորուածութիւններն արագ իրագործելն է: Եթէ դրանք արագ իրագործւում են, դա մեծապէս օգնում է վստահութեան ամրապնդմանը, եթէ չեն իրագործւում, հակառակը` շատ խաթարում է այդ վստահութիւնը: Եւ ես յոյս ունեմ, որ շատ արագ այդ պայմանաւորուածութիւնները կ՛իրագործուեն», նշեց ան:
Սահմանը բանալու եւ օդային բեռնափոխադրութիւններու սկսելու թեքնիք մանրամասնութիւնները չէ հրապարակած Հայաստան` սահմանի ո՞ր հատուածը պիտի գործէ, արդեօք ռուսե՞րը պիտի հսկեն գործընթացին. Ռուբինեան տրամաբանական նկատեց, որ գործէ սովորական սահմանային դրութիւն` անձնագրային անցակէտով, մաքսային վարչարարութեամբ: «Բոլոր տեխնիկական (գիտարուեստական) դետալները (մանրամասնութիւնները) պէտք է քննարկուեն երկու երկրների գերատեսչութիւնների հմապատասխան ներկայացուցիչների կողմից եւ միջեւ», շեշտեց ան:
Ինչ կը վերաբերի ակնկալուող հետագայ քայլերուն` բանալ սահմանը, հաստատել դիւանգիտական յարաբերութիւններ, Հայաստան այստեղ Թուրքիոյ քաղաքական կամքը կարեւոր կը նկատէ: «Հայաստանը պատրաստ է հէնց վաղը ունենալ բաց սահմաններ Թուրքիայի հետ եւ ունենալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ Թուրքիայի հետ, հէնց վաղը: Եթէ դա տեղի չի ունենում վաղը, եւ եթէ Հայաստանը պատրաստ է դրան, դա նշանակում է, որ դրա իրագործումը կախուած է Թուրքիայի քաղաքական կամքից այս պահին, որովհետեւ Հայաստանն ակնյայտօրէն այդ քաղաքական կամքն ունի», ըսաւ Ռուբինեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ քաղաքական կամք չկա՞յ՝ Ռուբինեան արձագանգեց. «Յամենայն դէպս, չկան նախանշաններ պնդելու, որ այսօր երեկոյեան սահմանը բացուելու է»:
Վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրները` ռուսական պետական «Ռիա Նովոստի» գործակալութիւնը 12 Յուլիսին յայտնեց, որ Թուրքիա Հայաստանի պատասխանին կը սպասէ` յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը Երեւա՞նի թէ Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ: Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու անտրամաբանական նկատեց, որ
Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ երրորդ երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ բանակցին, նոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստան տակաւին պատրաստ չէ հիւրընկալող ձեւաչափով հանդիպումներու` ներքին ճնշման պատճառով: