Եւրոպական Միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Ատրպէյճանին` երկրին տարածքները ականազերծելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Ուրախութեամբ կը տեղեկացնեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը՝ իբրեւ մեծագոյն նուիրատու կառոյց, Ատրպէյճանին յաւելեալ 4 միլիոն 250 հազար եուրօ պիտի տրամադրէ: Օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերուի «Ներքին տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձի ապահովում` Ատրպէյճանի ականազերծման ազգային գործակալութեան կարողութիւններու մեծացման միջոցով, ծրագիրի ծիրին մէջ», գրած է Քլաար: