Կիրակի, Նոյեմբեր 19, կէսօրից յետոյ ժամը մէկին, Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահում տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան օրուայ ճաշկերոյթը՝ հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Մայր» մասնաճիւղի եւ Գոհաբանութեան օրուայ յանձնախմբի։
Ներկայ էին՝ ՀՕՄի Շրջ. վարչութիւնից ատենապետուհի Սօնա Փելթէքեան, քարտուղարուհի՝ Քրիստին Քէշիշեան, վարչութեան անդամներ՝ Սօնա Պոստանեան եւ Նուարդ Մուրատեան, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիվ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ յարակից միութիւնների ներկայացուցիչներ։
Նախքան ձեռնարկին սկսելը, խօսք առաւ տէր հայրը, որ դրուատանքի ջերմ բառերով դիմեց Հայ օգնութեան միութեան եւ նրա նուիրեալ անդամուհիներին՝ իրենց անձնուէր գործունէութեան համար։ Գործունէութիւն, որ ինչպէս նշեց նա, եղած է ծառայութիւն, նուիրում, զոհողութիւն եւ ինքնաընծայում իր ազգին եւ եկեղեցւոյն։ Ապա, կատարուեցաւ սեղանօրհնէք։
Օրուան հանդիսավարն էր «Հորիզոն» պատկերասփիւռի «ՀՕՄի ձայն» հաղորդաշարը վարող եւ խօսնակ Սօնա Մատարեանը, որը ձեռնհասօրէն վարելով ձեռնարկը, միաժամանակ իր սրտի խօսքն ուղղեց բոլոր ՀՕՄուհիներուն, նշելով որ ազգի եւ հայրենիքի բարգաւաճման ի խնդիր տարուող իրենց կատարած տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ է, որ նման ձեռնարկները կը պսակուեն յաջողութեամբ։ Նշուեց Գոհաբանութեան օրուայ յանձնախմբի ատենապետուհի Ալիս Եղիայեանի եւ փոխատենապետուհի Մանուշակ Ժամագործեանի անունները, որոնց հմուտ ղեկավարութեամբ եւ յանձնախմբի բոլոր անդամների միասնական աշխատանքով իրագործուեց սոյն ձեռնարկը։
Յանձնախմբի անդամուհիներու ճաշակի եւ ձեռքի գործն էր նաեւ գեղեցկօրէն յարդարուած ճաշասեղանները եւ վիճակահանութեան նուէրներով զարդարուն տօնական սեղանը, որն առանձին փայլ տուեց այդ օրուայ ձեռնարկին։
Ա. Եղիայեան յանձնախմբի անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներին եւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի գլխաւոր բարերարներ՝ տոքթ. եւ տիկին Սարգիս Արեւեաններին եւ «Արբատ» նպարատան, որոնք մեծագումար նուիրատուութեամբ հովանաւորած էին սոյն ձեռնարկը։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի սաներ՝ Սօսի Չուհարեան (ասմունք), Սրբուհի եւ Ծովինար Կարապետեաններ ու Սվետա եւ Ճորճ Շահնազարեաններ (Կատակ պար): Ճաշի դադարի ընթացքին, ներկաները ունկնդրեցին կատակաբան Ստեփան Յովակիմեանին։ D.J.-ով հանդէս եկաւ Էմին Ազարեան։ Յանձնախումբը գեղեցիկ մտայղացումն ունեցած էր գեղարուեստական յայտագրին մասնակցողներին յարգելու ծաղկեփունջերով։
Հայ օգնութեան միութեան ճանապարհով, իր ժողովրդին ծառայելու համար ամէն զոհողութեան պատրաստ անդամուհիները այս անգամ եւս յաջողութեամբ իրագործեցին Գոհաբանութեան օրուայ ձեռնարկը։
(11-26-06, Թղթակցութիւնը ՀՕՄին Կողմէ)