ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Մոսկուա հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ պատրաստ է շարունակելու ուղեկցիլ հայ-թրքական երկխօսութեան: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:
«Պարզապէս կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Ռուսիա մնայուն կերպով կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Անիկա սկսաւ Մոսկուայի մէջ, 14 Յունուարի հերթական փուլին, մեր անմիջական միջնորդութեամբ», նշեց Զախարովա:
Ան նաեւ յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը բխի տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման շահերէն:
Moscow is trying to fall Armenia, Via 10% KGB members and spies,
finalize 1921 Moscow treaty, deliver Armenia without Armenians, all
the rest is political maneuver, to divert nationals attention on different
subjects, facts, Destination: Total “Armenia Sacrificing”- declared Lenin,
Armenia has NO MORE STRATEGIC ALLY, HAVE STRATEGIC ENEMY NOW.