ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 3 Յունիսին, երեք ատրպէյճանցիներ Վայոց ձորի մարզի Խաչիկ գիւղի բնակիչ Ա. Խ.ն, հակառակ իր կամքին, տարած են Ատրպէյճանի Նախիջեւանի ինքնավար մարզը: Լուրը կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն:
Ըստ կառոյցին՝ ան բանջարեղէն հաւաքելու նպատակով, առանձին գացած է գիւղի եւ Ատրպէյճանի սահմանակից Ջաղացի որ կոչուող տարածքը, ուր անոր մօտեցած են ինքնութիւնները տակաւին անյայտ ատրպէյճանցիներ:
12 Յունիսին, Ա. Խ.ն վերադարձուցած են Ջաղացի ձոր, ուրկէ վերջինս վերադարձած է Խաչիկ գիւղը:
Կը նշուի նաեւ, որ Խաչիկ գիւղի բնակիչի անհետացման մասին եղբայրը ահազանգած էր 6 Յունիսին:
16 Յունիսին դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց: