ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի տարածքին Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին տեղի ունեցած յարձակումներուն ընթացքին սպաննուեցան 27 այլ իրաքցիներ, մինչ երկրին ապահովական ուժերը կը փորձէին մէկ օր առաջ առեւանգուած մօտաւորապէս 40 այլ քաղաքացիներուն հետքը գտնել:
Նոյն օրը, Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած բռնարարքներուն հետեւանքով սպաննուած են 1289 իրաքցի քաղաքայիններ:
Ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին 104 ամերիկացի զինուորներ սպաննուած են:
Զոհերուն հսկայ թիւը նեղ կացութեան մանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշն ու անոր Հանրապետական կուսակցութիւնը, որոնք Նոյեմբեր 7ին կայանալիք Քոնկրէսի ընտրութեանց կը պատրաստուին եւ կը յուսան հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել Իրաքի քաոսային վիճակէն: