Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Երեւանի «Փիւնիկ»ը յաջողեցաւ ապահովել Եւրոպայի ֆութպոլի Ախոյեաններու մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը՝ մրցաշարքէն դուրս ձգելով Ռումանիոյ ախոյեանը՝ «Քլուժ»ը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած դարձի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ, երկարաձգումէն ետք վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Դիմուեցաւ փենալթիներու, եւ հայրենի կազմը արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ երթի մրցումը Երեւանի մէջ վերջ գտած էր 0-0 արդիւնքով:
Միւս կողմէ, «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»ի մրցաշարքի Հայաստանի ներկայացուցիչները՝ «Արարատ-Արմէնիա»ն եւ «Ալաշկերտ»ը դուրս մնացին մրտցաշարքէն, պարտուելով յաջորդաբար «Շքենտիժա»էն (Մակեդոնիա) եւ «Համրուն Սփարթանս»էն (Մալթա):