Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17ին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեց Լիբանանի «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան, եւ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Ժ. Դանիէլեանի կ՚ընկերանար վարժարանի շրջանաւարտներու Լոս Անճելըսի միութեան ատենապետ Աւօ Մարգարեան։ Տիար Դանիէլեան, որ կարճատեւ այցելութեան մը համար եկած էր Լոս Անճելըս, առաջնորդ սրբազանին փոխանցեց Լիբանանի ու յատկապէս մեր վարժարաններու այժմու իրավիճակը, երախտագիտութեան արտայայտութիւն ունենալով «Լինսի» հիմնարկութեան ծանօթ իշխանական նուիրատուութեան համար։ Սրբազանը, իր կարգին, հիւրին հաղորդեց Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ տարուող աշխատանանքներուն ընդհանուր պատկերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.