ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- Իր առաքելութիւնը Կլենտէյլի հայահոծ շրջանը հասցնելու իր տասնամեակներու նպատակը իրականացնելու ճամբուն վրայ յատկանշական քայլ մը առնելով՝ «Արարատ տուն»ը «Ուիսնզըր» հաստատութեան հետ համաձայնութիւն մը կնքած է՝ գնելու անոր Կլենտէյլի կալուածը։
«Արարատ տան» հոգաբարձութեան ատենապետ Սինան Սինանեան կը տեղեկացնէ, թէ այս քայլը առիթ պիտի ընծայէ տարեցներու խնամքի մարզէին մէջ առաւել քան 70 տարիներու փորձառութիւն ունեցող հաստատութեան, որ իր որակաւոր սպասարկութիւնները աւելի դիւրութեամբ հասանելի դարձնէ Կլենտէյլի հայութեան։
Կեդրոնական Կլենտէյլի մէջ գտնուող նշեալ կալուածը ունի 73 յարկաբաժիններ անկախ ապրելու կարելիութիւնը ունեցող տարեցներու համար եւ 38 յարկաբաժիններ՝ օժանդակութեան կարօտ տարեցներու համար։ Կան նաեւ բժշկական խնամքի կարօտ տարեցներու յատուկ 28 յարկաբաժիններ։
Կ՛ակնկալուի, որ վաճառքի եւ արտօնագիրներու մանրամասնութիւնները վերջնականանան մինչեւ տարեվերջ։