
Կիրակի, 17 Յուլիսի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարանը հարսանիք հագաւ, շնորհիւ այն միւռոնաբոյր մթնոլորտին, որ ստեղծուեցաւ տեղւոյն մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով: Այդ օր, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւոր հայրերու եւ դպրաց դասի ուղեկցութեամբ՝ հոգեգրաւ շարականի երգեցողութեան ներքոյ ուղղուեցաւ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռը, ուր հնչեցին աղօթք ու շարական, ապա հոգեւոր շքերթը առաջնորդուեցաւ դէպի գեղեցկօրէն զարդարուած «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր սրբազանը մատոյց Ս. պատարագ:
Եպիսկոպոսական պատարագին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, ծխական շրջանի մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ:
Յընթացս պատարագի, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան «Ուրախ լեր» շարականի կշռոյթի ներքոյ եւ հանդիսաւորապէս խորան բերաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 1 Յուլիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած սրբալոյս նոր Միւռոնէն բաժին մը իր մէջ ամփոփող՝ Միւռոնօրհնէքի մայր կաթսան յատկանշող մանրակերտ սպասը, ուրկէ առաջնորդը Միւռոնէն քանի մը կաթիլ միախառնեց Ջրօրհնէքի յատուկ կաթսային մէջ, նորաստեղծ Միւռոնին բոյրով օծելով առ Աստուած ուղղուած իւրաքանչիւր աղերսանք, աղօթք ու փառաբանանք:
Սրբազան հօր պատգամը կը վերաբերէր մարդկային կեանքը արժանաւորապէս ապրելուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժառանգել Երկինքը։ «Մարդուն կեանքը խոտի կը նմանի, կ՛ըսէ Դաւիթ թագաւոր, այսօր կայ, վաղը չկայ, այսօր կը կանաչնայ, վաղը կը դեղնի, յաջորդ օրը հողին կը վերադանայ: Բայց այն մարդուն կեանքին մէջ, ուր Քրիստոս կայ, այդ մարդը երբեք խոտ չի դառնար, այդ մարդը ամբողջական եւ լիարժէք մարդ կը դառնայ», խօսքերով սկսելով իր պատգամը՝ սրբազան հայրը յուշեց, որ մարդոց կեանքը լեցուն է տագնապներով թէեւ, վստահաբար, երբեմն ալ, յաղթանակներ եւ ուրախութիւններ անմասն չեն անոնց կեանքէն։ Ան շեշտեց, թէ գուցէ անցնող տարիներուն ահագնացած մարդկային ցաւերը պատճառ եղան նաեւ յուսախաբութիւններու, այսուհանդերձ, քրիստոնեայ մարդերը, թէեւ իբրեւ մարդ կրնան տկարանալ։ «Բայց ոչ մէկ քրիստոնեայի արտօնուած է յուսահատիլ իր կեանքին մէջ», շեշտեց առաջնորդը՝ հաստատելով, որ այն մարդուն հոգիին մէջ, ուր Քրիստոսը կայ, հոն յոյսը չի վերջանար եւ թելադրեց յուսոյ բաժակը լեցուն պահել Քրիստոսով եւ անոր ճշմարտութեամբ:


«Իմ հոգիս անհուն ուրախութեամբ կը բերկրի այսօր, երբ ես, որպէս Հայ եկեղեցւոյ խոնարհ սպասաւոր, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, առաջին Ջրօրհնէքը կը կատարեմ մեր թեմի օրհնեալ սահմաններէն ներս՝ ջերմագոյնս հաւատալով, որ Սրբալոյս Միւռոնէն ճառագայթող ու մեզ բոլորս ներշնչող ուժը նորութիւն պիտի ընծայէ մեր կեանքին: Եթէ չհաւատայինք այս բարի նորութեան, արդէն հոս չէինք ըլլար: Բոլորիս համար այս պահը հոգեկան ուժ առնելու կը ծառայէ՝ ուժի արմատ Արարիչէն: Այս ակնկալութեամբ է, որ ես կը յուսամ, կ՛աղօթեմ եւ կը մաղթեմ, որ մեր կեանքին մէջ աստուածային նորութիւններ բացուին, հին հագուստները այլեւս հանենք մեր վրայէն եւ աստուածատուր նոր ու լուսաւոր պատմուճաններ հագնինք, ոչ թէ նիւթական առումով, այլ՝ հոգեւոր իմաստով», դիտել տուաւ առաջնորդը:
Հոգեպարար պատգամի աւարտին, Թորգոմ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական առաջնորդութեամբ եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ Միւռոնօրհնէքը, որուն կնքահայրութիւնը մեծ սիրով ստանձնեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի զաւակ, ազգային բարերար եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ որդիները, նոր կեանքի յոյս ու լոյս ներշնչեց հայ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր, ապա ողջունեց ներկայութիւնը Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներու, հանգուցեալ բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանի որդւոյն՝ Բեգլար Փիլաւճեանի եւ իր ազնուափայլ կնոջ, Կրօնական ժողովի, քահանայ հայրերուն, շրջանի Ազգային երեսփոխաններու, հոգաբարձական կազմին, դպրաց դասին եւ եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն ու բոլորին փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական սէրն ու հայրապետական ողջոյնները:
Սրբազանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ժողովուրդին, որ ամէն իմաստով զօրավիգ եղաւ Հայ եկեղեցւոյ Միւռոնօրհնէքի արարողութեան եւ մնայուն կը զօրակցի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի ժողովրդանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազան հայրը Ազգային առաջնորդարանի գաւիթին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւն, որ աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:


Հաւատացեալ ներկաները հոգեւոր իմաստով հարսանեկան այս մթնոլորտէն իրենց տուները բաժին տարին՝ միւռոնաբոյր ջուր ու մատաղ՝ առ ի հզօրացում Քրիստոսով եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու ուխտի նորոգութեամբ:
Յայտնենք, որ սրբազան արարողութեան ընթացքին, առաջնորդը ընթերցեց Հայրապետական օրհնութեան յատուկ գիր մը, որուն մէջ բարձր կը գնահատուէր Ազգային առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Աշխէն Փիլաւճեանի բարերարութիւնը՝ Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին, ապա զայն յանձնեց բարերարուհիին որդւոյն` Բեգլար Փիլաւճեանին: Այս առիթով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, մատրան բարերարուհի Աշխէնի, ամուսնոյն՝ Ալեքսանի եւ որդւոյն՝ Վահրիճի հոգւոցն խաղաղութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ