ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի կոչ ուղղեց շիի ղեկավար շէյխ Մոքթատա Սատրի համակիրներուն, որ հրաժարին խորհրդարանն ու կառավարութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումէն:
Սատրի համակիր 30 երեսփոխաններն ու վեց նախարարները նախանցեալ օր յայտարարած էին իրենց որոշումը՝ բողոքելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ Մալիքիի գումարած ժողովին դէմ:
«Կը յուսամ, որ անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը, որովհետեւ անիկա քաղաքական գործընթացին մէջ շինիչ եւ դրական չէ», ըսաւ Մալիքի:
Շիի վարչապետը, որ իր պաշտօնը մասամբ կը պարտի Սատրի նեցուկին, յայտնեց, թէ «քաղաքական գործընկերութիւնը յանձնառութիւն կ՚ենթադրէ»:
Մալիքի անգամ մը եւս խոստացաւ պայքարիլ ու վերջ դնել ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու գործունէութեան, բայց չնշեց Սատրի ենթակայ «Մէհտիի բանակ»ին անունը: