ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառային նստաշրջանին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան նշեց, որ ձմեռնային նստաշրջանի նիստի առաջին օրէն, որ համընկած է Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն, ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այդ հակամարտութեան վրայ՝ նշելով, որ խորքին մէջ կան նաեւ այլ հարցեր, որոնք տակաւին կը յամենան եւ լուծման կարիքը ունին:
Այս նստաշրջանին, որուն ծիրին մէջ կը հաստատուի տարեկան զեկոյցը, հայկական կողմը նախաձեռնեց երեք փոփոխութիւններու, որոնցմէ երկուքը պէտք է տեղ գտնէին քաղաքական հարցերով զեկոյցին մէջ, մէկը` մարդու իրաւունքներու հարցերու զեկոյցին, սակայն անոնք չընդունուեցան։
«Սրանք վերաբերում էին տարածաշրջանում տեղի ունեցող գործընթացներին, այն կոնֆլիկտին (հակամարտութեան), որը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ից ի վեր գործնականում շարունակւում է, եւ կան առկախուած հարցեր, որոնք չենք լուծւում: Այս փոփոխութիւնները նպատակ ունէին միջազգային հանրութեան եւ ԵԱՀԿ ԽՎի ուշադրութիւնը սեւեռելու այն առկախուած խնդիրներին, որոնք մինչեւ հիմա լուծուած չեն», յայտնեց Աղաջանեան՝ աւելցնելով. «Դրանք վերաբերում էին հիմնաւորապէս գերիների առկախուած խնդրին, որը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ից մինչեւ օրս լուծուած չէ, չնայած դրան վերաբերող դրոյթ կայ հէնց եռակողմ յայտարարութեան մէջ: Բազմիցս դրան անդրադարձել են միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններ: Որեւէ պատճառ, թէ ինչու պէտք է ԵԱՀԿ ԽՎն հրաժարուէր այդ թեմային անդրադառնալ, մենք չենք տեսնում: Յաջորդ հարցը վերաբերել է մշակութային ժառանգութեան պահպանմանը, միւսը` նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի գործունէութեանը եւ դրա կարեւորութեանը»:
Հայկական պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Արցախի հիմնահարցը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով լուծելու կարեւորութիւնը: Պատուիրակութեան ղեկավարը վստահեցուց, որ առաջարկուած փոփոխութիւններուն մէջ բոլոր հիմնաւորումները կան: Սակայն երեք փոփոխութիւններէն ոչ մէկը փոքր ձայներու տարբերութեամբ ընդունուեցաւ:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը, ըստ էութեան, որդեգրած է նոյնաբովանդակ մեղադրանքներու մարտավարութիւն: Եւ, ըստ Աղաջանեանի, նման մեղադրանքներու յորձանուտին մէջ ԵԱՀԿի ԽՎ գործընկերներուն ընկալումները կրնան քիչ մը խեղուիլ, եւ իրականութիւնը նման պայմաններու մէջ դժուար է ի յայտ բերել:
Աղաջանեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան ի սկզբանէ հրաժարած է եւ կը հրաժարի «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարց քննարկելէ. նման տրամաբանութիւն որեւէ կերպով ընդունելի չէ Հայաստանի համար։
Ան յիշեցուց, որ, երբ Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին վերջին հանդիպման յաջորդեց Ալիեւի համապատասխան յայտարարութիւնը` որոնց կարգին նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքը» յիշատակուեցաւ, ԵԽ նախագահի գրասենեակը հերքող յայտարարութեամբ հանդէս գալով հաստատեց, որ նման բան չէ քննարկուած։
«Այս գործելաոճը նոր չէ: Ադրբեջանը մշտապէս առանձնացել է նմանատիպ գործելակերպով: Սա առանձնապէս չի օգնում կամ խրախուսում կառուցողական քննարկումներին: Բայց, ցաւօք, մեր հարեւաններն առանձնանում են նմանատիպ ոչ-պատշաճ, պայմանաւորուածութիւնները չպահող գործելակերպով: Հայաստանի դիրքորոշումն այս հարցում չի փոխուել: Հայաստանը հրաժարւում է նման հարց քննարկել, հրաժարուել է ի սկզբանէ», շեշտեց Աղաջանեան: