Համով՝ երկու իմաստով. նախ համով ընթրիք, յետոյ նոյնքան համով ներկայացում մը՝ կոմիտասեան երգերով զեղուն, իսկական հայ երգի ակունքներուն վերադարձի մօտեցումով…
Ընթերցողս հաւանաբար հարց տայ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը։ Ուրեմն նախ յստակացնենք սա «համով»ին պատմութիւնը։
«Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւնը իւրայատուկ երեկոյ մը կազմակերպած էր Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբերին. ձեռնարկին անունն էր Երեկոյ մը Կոմիտասի հետ։
Մշակութային ձեռնարկը տեղի չունեցաւ հանդիսասրահի մը մէջ, այլ Կլէնտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին յարկին տակ։ Հանդիսական- մասնակիցները, հաւանաբար օրուան աշխատանքը նոր աւարտած, նախ առիթը ունեցան ընկերային պահ մը բոլորելու՝ քանի մը պատառ համտեսելով ու բարեկամ-ծանօթներու հետ զրուցելով )այս բաժինը ստամոքսի պահանջին գոհացում տալ էր(, յետոյ, աւելի քան երկու ժամ բոլորեցին անմահ Կոմիտասի հետ, լսելով վաստակաւոր խմբավար ու երաժշտագէտ Վաչէ Պարսումեանի բացատրականը, որուն ընկերացաւ փունջ մը կոմիտասեան երգերու մեկնաբանութիւնը՝ տաղանդաւոր երգչուհիներու եւ դաշնակարուհիի մը կողմէ )այս ալ միտքին ու հոգիի՛ն պահանջներուն գոհացում տալ էր(։
***
Այս տողերը չենք արձանագրեր թղթակցութիւն գրելու տրամադրութեամբ, այլ կ՚ուզենք վեր առնել պարզուած քանի մը երեւոյթ ու լուսարձակի տակ բերուած արժէքներ։
Ունկնդիրները ոչ միայն ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացան )եթէ չէին գիտեր( Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու տարած աշխատանքին-դերին գլխաւոր մանրամասնութիւններուն, այլ անգամ մը եւս հաղորդակից դարձան ՀԱՅ ԵՐԳԻ ակունքները պեղած, հաւաքագրած ու հսկայական ժառանգութեան մը հետ մէկտեղ՝ մեր մշակոյթի այս կալուածին վրայ ինքնուրոյնութեան կնիքը վերադրոշմած տիտանին անկրկնելի աշխարհին։ Եթէ կուշտ ու կուռ ճաշէ ետք, ունկնդիրները աւելի քան երկու ժամ կախարդուածի պէս հետեւեցան Վաչէի բացատրութիւններուն )որոնք մերթ թեւակոխեցին մասնագիտականի ոլորտները, սակայն ընդհանրապէս մնացին ընդհանուրին մատչելիի տարածքին մէջ(, պատճառը բանախօսին մերթ կատակախառն, երգերէ պատառիկներու սխալն ու ճիշդը կողք-կողքի մեկնաբանման գործնական կիրառումով մատուցումը չէր միայն, այլ նաեւ՝ նոյնինքն հանճարեղ վարդապետին ընձեռած ու փոխանցած այն թանկարժէք աւանդը, որ համակեց իւրաքանչիւր ունկնդիրի հոգին ու սրահին մթնոլորտը։ Վաչէին նպատակն էր ոչ միայն Կոմիտասը միս-ոսկորով ներկայացնել ունկնդիրին, այլ մանաւանդ վեր առնել անոր գիտնական մարդու եւ հանճարեղ ստեղծագործողի արժանիքները, դերակատարութիւնը, որ կենսագործուած է հազիւ 15-17 տարիներու ժամանակամիջոցի մը մէջ, ապա, ափսոս, որ խամրած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով անոր վիճակուած տառապալի կացութեան, յանգելով անոր բանականութեան կորուստին ու շուրջ երկու տասնամեակ հիւանդանոցային կեանքի դատապարտուելուն։
Այս բոլորը կատարուեցան հաղորդական ու հոգեհաճ ձեւով. ունկնդիրը պահ մը տարուեցաւ մտածելով, որ Վաչէն չի հրամցներ միայն այն բոլորը, զորս ինք լսելու եկած է այդ երեկոյ. փաստօրէն, ան նիւթին մատուցումը կատարեց ոչ միայն չսահմանափակուելով հայ երգի՝ կոմիտասեան հայ երգի լայնածիր շրջագիծին մէջ, այլ պահը վերածեց այդ շրջագիծէն անդին տարածուող, մշակոյթ հասկացութեան լայնածիր հորիզոններուն մէջ՝ այդ բոլորը տեսնելու-ցոյց տալու յղացքով ու մօտեցումով, սրահը վերածելով լիարժէք լսարանի մը։
Համով էր ներկայացումը, համով էին երգերը, համով էր ամբողջ մթնոլորտը։
Որովհետեւ՝ կրկնակիօրէն համով է կոմիտասով ամրագրուած ու մեզի ժառանգ հասած Հայ երգը. իսկ արաբական առածը կ՚ըսէ. «Միայն համտեսողը գիտէ…»։
«Համազգային»ն ալ իր առաքելութեան լինելութեան մէջ էր այդ երեկոյ։ Եւ ի՜նչ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ նման մատուցումներ ըլլան աւելի յաճախակի եւ հաւաքաբար դուրս գանք նիւթ մը 20-30 վայրկեանէն «ստանալու» սալոնային տրամաբանութենէն, ապա նաեւ՝ այս նիւթը, որոշ վերանայումով ու պատշաճեցումով, նոյնինքն «Համազգային»ին ճամբով մատչելի դառնայ նա՛եւ մեր նորահաս սերունդին՝ աշակերտներու եւ ուսանողներու, որոնց իրաւունքն է բաժնեկից ըլլալ կոմիտասեան հարստութեանց ժառանգութիւններուն, զարգացնելու համար ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ ընդհարապէս իսկական մշակոյթի ընկալման ունակութիւնը։