Չորեքշաբթի, 6 Յուլիսին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ եւ Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հոգեւոր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ՝ ընթացք առաւ ՀԵՀԵՄի համահայկական հերթական ուխտագնացութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին առաւել քան 200 երիտասարդներ՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ Սփիւռքէն։
Ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան, Աղվերանի մէջ, ՀԵՀԵՄի հոգեւոր տեսուչ եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Թովմա վրդ. Խաչատրեանի պատասխանատուութեամբ։ Երիտասարդները իրենց օրը սկսան միասնական աղօթքով, որմէ ետք սկսաւ ՀԵՀԵՄ կեդրոնական գրասենեակին կողմէ մշակուած երիտասարդական երկօրեայ դասընթացքը։
Ըստ դասընթացքի օրակարգին՝ իւրաքանչիւր խումբին բանախօսեցին հոգեւորականներ՝ «Քրիստոնէական երիտասարդական աշխատանք», «Միասնականութիւն» եւ «Ամենայն ձայն թող լսելի ըլլայ» նիւթերով։ Երիտասարդներուն տրուեցան խմբային առաջադրանքներ, որոնց միջոցաւ անոնք վեր հանեցին թեմերուն եւ երիտասարդական միութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող զանազան հարցեր եւ լուծումներ առաջարկեցին։ Յընթացս դասընթացքին, ամէն երեկոյ տեղի կունենար նաեւ աղօթք, որմէ ետք մասնակցողները կը համախմբուէին սիրոյ սեղաններու շուրջ, ինչ որ առաւել մտերմութեան եւ համախմբումի առիթ կու տար։
7 Յուլիսին, երիտասարդներուն իրենց մասնակցութեամբ պատուեցին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպս. Իսախանեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեան։ 7 Յուլիսի երեկոյեան աւարտեցաւ երկօրեայ դասընթացքը եւ ուխտագնացութեան առաջին բաժինը։

8 Յուլիսին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը վեհարանին մէջ ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակցող երիտասարդները։ Յանուն երիտասարդներուն իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան նախ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի երիտասարդներէն Երազ Չաղլաեան, ապա՝ Գերմանոյ Հայոց թեմի երիտասարդներէն Արշամ Արզուման։
Այնուհետեւ, Յովնան արք. Տէրտէրեան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ համախմբուած են Ս. Էջմիածինի մէջ՝ հայոց հայրապետին օրհնութեամբ գօտեպնդուելու եւ շարունակելու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր իրենց առաքելութիւնը։
Ապա, վեհափառը իր պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանէն եւ աշխարհասփիւռ տարբեր համայնքներէ երիտասարդները Ս. Էջմիածինի մէջ համախմբուած տեսնելուն առիթով։ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Յովնան արք. Տէրտէրեանին եւ հայր Թովմային՝ եկեղեցասէր երիտասարդներու հետ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքներուն համար։
9 Յուլիսի առաւօտեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, այնուհետեւ երիտասարդները, առաջնորդութեամբ առաջնորդին՝ ուղեւորուեցան դէպի Սեւանավանք։
Երիտասարդները Սեւանավանքի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ մեծ ոգեւորութեամբ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին, որմէ ետք երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը, ուր անոնք դիմաւորուեցան տեսուչ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի կողմէ։ Հայր սուրբը, ողջունեց սրբազան հայրը, ինչպէս նաեւ ներկայ հոգեւորականները եւ ուխտաւորներուն, ապա դպրանոցի հիմնադրման մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ներկաներուն համար հաստատութեան տարածքին մէջ շրջայց կազմակերպեց։
Սեւանավանք ուխտագնացութենէն ետք, երիտասարդները հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ վերադարձան Աղվերան, ուր Յովնան սրբազան հօր օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ խոկումի արարողութիւն մը, որուն ընթացքին երգուեցան շարականներ եւ եօթը երիտասարդներ իրենց հոգեւոր պատգամներով հանդէս եկան։
10 Յուլիսի առաւօտեան, երիտասարդ ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Բջնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
Գեղեցիկ եւ բացառիկ այս առիթով, եկեղեցւոյ կամարներում տակ մէկտեղուած էին առաւել քան 200 երիտասարդներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն։ Օրուան պատարագիչն էր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, առընթերակայութեամբ Թովմա վրդ. Խաչատրեանի։
Սրբազանը «Դուք էք աշխարհի լոյսը» աւետարանական բնաբանով իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Քրիստոսի այս խօսքը, եթէ իր օրին ուղղուած էր առաքեալներուն, ապա այսօր նոյն խօսքը ուղղուած է ձեզի, սիրելի երիտասարդներ, իբրեւ հոգեւոր արթնութեան հրաւէր, որպէսզի «Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» ուխտագնացութիւնը ձեր հոգիներուն մէջ աւելի խորացնէ հաւատքի գիտակցութիւնը, Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի իմաստութիւնը»։
Պատարագէն ետք, երիտասարդները վերադարձան Աղվերան, ուր Յովնան արք. Տէրտէրեան մէկ առ մէկ ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակցող խումբերը եւ անոնց յանձնեց վկայականներ։ Սրբազան հայրը մաղթեց, որ ուխտաւորները երբ Աղվերանէն բաժնուին՝ ներշնչուած եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ վերադառնան իրենց տուները։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խնճոյք եւ համերգ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի յայտնի երգիչներու եւ պարային խումբերու։
Հուսկ, Յովնան արք. Տէրտէրեան այս առթիւ իր վերջին պատգամը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր երիտասարդներուն։ Ան նաեւ իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Թովմա վրդ. Խաչատրեանին՝ անոր կազմակերպուածութեան համար, որուն շնորհիւ ուխտագնացութիւնը դարձաւ բացառիկ առաքելութիւն՝ իր բոլոր առումներով։
(Քաղուած առաջնորդարանին յղած թղթակցութենէն)