ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Նիքոլա Սարքոզի պաշտօնապէս յայտարարեց իր թեկնածութիւնը 2007ի նախագահական ընտրութիւններուն:
«Կը զգամ, որ ունիմ բաւական ուժ, աշխուժութիւն եւ վճռակամութիւն՝ ժողովուրդին առաջարկելու տարբեր մտապատկեր մը՝ Ֆրանսայի եւ անոր ապագային մասին: Կը ձգտիմ նոր տեսակի յարաբերութիւն մը մշակելու ֆրանսացի ժողովուրդին հետ. յարաբերութիւն մը, որ հիմնուած է վստահութեան եւ յարգանքի վրայ», ըսաւ ան:
Կեդրոն-աջի «Իւ.Էմ.Փէ.» («Միութիւն՝ ժողովրդային շարժումի համար») կուսակցութեան ղեկավար Սարքոզի պիտի մրցի ընկերվարական թեկնածու Սեկոլէն Ռուայալի դէմ:
«Ընկերվարական կուսակցութիւնը ընտրած է անշարժութիւնը, ես կ՚ուզեմ մարմնաւորել փոփոխութիւնը», ըսաւ Սարքոզի՝ աւելցնելով, որ «խզում» մը կ՚ուզէ յառաջացնել Ֆրանսայի աւանդական քաղաքական կեանքին հետ, քաջալերել ֆրանսական ընկերութեան մէջ եղաշրջումները եւ վերադարձնել անոր կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը:
Բայց աջակողմեան թեկնածուին թիկունքը ապահով չէ տակաւին: Ան սուր պայքարի մէջ մտած է նախագահ Ժաք Շիրաքի «հին պահակագունդ»ին հետ, որ կը նախընտրէ թեկնածու առաջադրել վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփէնը կամ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Ալիօ Մարին:
«Իւ.Էմ.Փէ»ի պաշտօնական նախագահական թեկնածուն դառնալ փափաքող կուսակցական քատրերը իրենց ներկուսակցական թեկնածութիւնը պէտք է յայտարարեն մինչեւ Դեկտեմբեր 31:
Նկարներուն մէջ, Սարքոզի եւ Ռուայալ: