ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ կ՛այցելէ Հայաստան:
28 Յուլիսին, ան տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Արցախի տագնապին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կառոյցի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ իր միջազգային յանձնառութեան համապատասխան:
Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ ռուս համանախագահը այցելեց Պաքու, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ խօսեցաւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Ըստ Պաքուի՝ «կողմերը ընդգծեցին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ հռչակագիրներու դրոյթներու ամբողջական կատարման կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ խաղաղութեան եւ ապահութեան երաշխաւորման համար»: