ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը իր 28 Յուլիսի նիստին հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ զարգացման վերաբերող համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագիրը հաստատելու մասին Հայաստանի նախագահի հրամանագիրի նախագիծը:
Որոշումին մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջեւ 29 Յունիս 2022ին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագիրը, որուն նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական կայունութեան ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումներու գործընթացին:
Այս նպատակով կը յատկացուի 120,000,000 տոլար, որ պիտի տրամադրուի մասնաբաժիններով եւ հետեւեալ կերպով. 68,565,000 տոլար՝ ժողովրդավարութեան խթանման, 51,435,000 տոլար՝ տնտեսական անվտանգութեան բարելաւման: