
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, որ Հայաստան մուտքի արգելքի որոշումը կը մերժէ եւ Հայաստան վերադառնալու իրաւունք պիտի պահանջէ: «Հայաստան Նիկոլ Փաշինեանի սեփականութիւնը չէ, ոչ ալ իր վարչակարգին: Հայաստան իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, ուր կրնայ մուտք գործել ամէն հայ, նոյնիսկ եթէ ընդդիմադիր է իշխանութեան: Եւ այս պատճառով է, որ իրաւական գետնի վրայ որոշած եմ վերականգնել իրաւունքս», յայտնեց ան:
Փափազեան շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի համակարգին կողմէ՝ իր Հայաստան մուտքի արգելքէն երկու շաբաթ ետք, ցաւով կը հաստատէ, որ այս որոշումը իրաւական ոչ մէկ լուրջ հիմք ունի: «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ յայտնի պատճառներով «անբաղձալի տարր» նկատուած անձ, «անբաղձալի» նկատուած եմ նաեւ Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն կողմէ ոչ հիմնաւորուած պատճառներով: Առաջին բացատրութիւնը ԱԱԾն մերժած էր տալ, յայտնելով, որ երկիր մուտքիս արգիլումը կկապ ունի անձնական կեանքիս հետ: Ապա, վարչապետի գրասենեակը 22 Յուլիսին, անդրադառնալով կացութեան ծիծաղելիութեան՝ յայտարարեց, որ արգելքիս պատճառը Փարիզի մէջ 1 Յունիս 2021ին, Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի ցոյցին ներկայութիւնս է, եւ նշեալ ցոյցը կազմակերպելս: Բայց նշեալ թուականէն մինչեւ 13 Յուլիս 2022 4 անգամ անարգել մտած եմ Հայաստան», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի պատկան մարմինները ոչ մէկ բողոք ներկայացուցած են ֆրանսական իշխանութիւններուն՝ 1 Յունիս 2021ի ցոյցին մասնակցողներուն կամ կազմակերպողներուն նկատմամբ:
Փափազեան յայտնեց, որ իրաւական գետնի վրայ որոշած է վերականգնել վերադարձի իրաւունքը, որուն համար դատական պաշտպանութիւնը վստահած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին՝ ներկայացնելու զինք, եւ փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանին, որոնց կը լիազօրէ կատարելու հարկն ու պատշաճը: Մինասեան 25 Յուլիսին արդէն իսկ այս գծով նամակ մը ուղարկած է ԱԱԾին՝ պահանջելով վերանայիլ նշեալ որոշումը: Օրինական գետնի վրայ, ԱԱԾն 5 օր ժամանակ ունի պատասխանելու նամակին, որուն հիման վրայ կ՛որոշեն թղթածրարին շարունակութեան հոլովոյթը:
«Երկու շաբաթէ ի վեր զօրակցական հազարաւոր պատգամներ ստացած եմ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր անձերէ, որոնք բոլորն ալ ընդվզած են Փաշինեանի հակաժողովրդավար որոշումէն: Նման որոշումի ընդդիմանալը կը բխի Հայաստանի նկատմամբ սէրէն եւ մերժումն է ժողովրդավարութենէն՝ կառավարութեան շեղումին, ինչպէս նաեւ յիշեցումն է իրաւական պետութեան մը հիմնարար սկզբունքներուն, եւ Հայաստան պէտք է վերադառնայ իրաւական պետութեան իր կոչումին: Հուսկ, իրաւական բոլոր միջոցներով պիտի պայքարիմ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքս վերականգնելու», եզրափակեց Փափազեան: