ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ամէն օր խորապէս կը տխրիմ ու կը ցաւիմ տեսնելով, որ սփիւռքահայ մեր թերթերը հետզհետէ կը հեռանան ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ դասական մամուլի դիմագծութենէն, նկարագրէն: Անոնք անզգալաբար կ՛իյնան արեւելահայերէնի ծանր ազդեցութեան տակ՝ թէ՛ բառապաշարով, թէ՛ դարձուածքներով, թէ՛ ոճով, թէ՛ լեզուական-քերականական ըմբռնումներով: Տեղ-տեղ, սփիւռքահայ մեր թերթերը, առանց խպնելու, նոյնիսկ սկսեր են յօդուածներ տպել աբեղեանական ուղղագրութեամբ: Մինչեւ իսկ ունինք պաշտօնական կայքեր (թեմի մը, եկեղեցիի մը, ակումբի մը կամ հիմնարկի մը պատկանող), ուր լրատուութիւնը մի՛շտ եւ բացառաբար ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆ է ու ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ գրելաձեւով է..: Այլ խօսքով՝ արեւմտահայ-սփիւռքահայը հրաժարած է իր լեզուէն ու զայն ծախու հանած…:
Կը մտածեմ. ո՞վ տէր պիտի կանգնի մեր լեզուին եւ ուղղագրութեան, քանի որ Սփիւռքի թերթերն անգամ ձեռք քաշած են իրենց ուսին դրուած վսեմ պարտաւորութենէն, առաքելութենէն: Կը գրեն-կը տպեն՝ առանց պատասխանատուութեան դոյզն զգացումի…:
«Թերթը դպրոց մըն է», կ՛ըսուէր անցեալին:
Հիմա՞…:
Թերթերը յաճախ մեր գիտցա՛ծն անգամ մոռցնել կու տան մեզի, որովհետեւ հայ մամուլը, առհասարակ, վերածուած է անտէր պարտէզի մը, ուր ամէն ոք կրնայ մտնել ու ազատօրէն կոխկռտել նախորդ պարտիզպաններուն կողմէ այնքա՜ն խնամքով ցանուած ծաղիկներն ու տերեւները, տապալել ծառերը, ճզմել պտուղներու դէզերը…:
Ահա՛ օրինակ մը:
Կը բանամ սփիւռքահայ շաբաթաթերթ մը ու կը կարդամ.
«ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Յուլիս 5ին հունահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Խորեն վրդ. Առաքելյանը ներկա գտնվեց Փերիսթերիի Հույն Ուղղափառ եկեղեցու միտրոպոլի եւ Հունաստանի արտաքին գործերի նախարարության նախաձեռնությամբ կազմակերպված «Կրոն, երկխոսություն եւ Եվրոպա» թեմայով համաժողովին: ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄ»:
Արտագրեցի նոյնութեամբ:
Ինչպէս կը տեսնէք, լրատուութեան միայն վերնագիրն ու ստորագրութիւնը դասական ուղղագրութեամբ է, իսկ միջուկը՝ աբեղեանական ուղղագրութեամբ եւ արեւելահայերէն: Հա՜, մէյ մըն ալ սա «Յուլիս» բառը գրուած է դասականով, ո՜վ զարմանք…:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը: Ինչո՞ւ համար յունահայ եկեղեցական կառոյց մը (արեւմտահա՛յ հաստատութիւն) այսքան անփոյթ գտնուի իր հարազատ լեզուին նկատմամբ ու չկարենայ չորս տողնոց հաղորդագրութիւն մը միատեսակ (եւ դասական) ուղղագրութեամբ շարադրել:
Եթէ քիչ մը ետ նայինք, պիտի տեսնենք որ այս ախտը մեր մարմնէն ներս թափանցեց շուրջ երեսուն տարի առաջ, Հայաստանի անկախութենէն անմիջապէս յետոյ: Մեր դասական կուսակցութիւնները Հայաստան վերադարձան, մասնաճիւղեր բացին այնտեղ ու շուտով… կռնակ դարձուցին իրենց հարազատ արեւմտահայերէնին ու մա՛նաւանդ մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան, որուն համար, ի՜նչ հեգնանք, երկար տարիներ պայքար մղած էին սովետահայ իշխանութեան դէմ…: ՌԱԿի «Ազգ»ը, Դաշնակցութեան «Երկիր»ը եւ հնչակեաններու «Հնչակ Հայաստանի»ն՝ հրատարակուեցան արեւելահայերէնով ու աբեղեանական խեղագրութեամբ: Ընթացքը առ այսօր կը շարունակուի անփոփոխ: Մեր դասական կուսակցութիւններն ու անոնց ուղեկից կազմակերպութիւնները, այնտեղ՝ ի Հայաստան, իրենց առօրեայ գրագրութիւնները կը կատարեն աբեղեանականով: Մինչդեռ, Հայաստանէն Սփիւռք հաստատուած զանգուածներ անյողդողդ կերպով մի՛շտ եւ ամէնուրեք տէր կը մնան իրենց բարբառին (արեւելահայերէնին) եւ ուղղագրութեան (աբեղեանական): Օրինակ, առէ՛ք Աթէնք տպուող «Հայաստան» շաբաթաթերթը: Լրիւ արեւելահայերէնով է ու աբեղեանական գրելաձեւով: Նոյնն է պարագան Լոս Անճելըս կամ Եւրոպա տպուող շարք մը թերթերու: Անոնք բացարձակապէս նկատի չեն առներ տեղւոյն գաղութին լեզուական թեքումն ու զգայնութիւնները:
Եթէ սփիւռքահայ թերթերը իրենց այս քանդիչ ընթացքով մեր (սփիւռքահայերո՛ւս) աչքերը պիտի վարժեցնեն «Խորեն», «ներկա», «հույն» , «գտնվեց», «կրոն», «Եվրոպա» սխալագրութիւններուն, ուրեմն՝ ինչի՞ համար են հայապահպանման աշխատանքները, ինչի՞ կը ծառայեն մեր դպրոցները, ինչո՞ւ շունչ կը վատնեն հայերէնաւանդ ուսուցիչները:
Փակե՛նք դպրոցները, անդի՛ն շպռտենք արեւմտահայերէնը ու կո՛ւլ երթանք այս քաոսին…: Ա՞յս է պահանջուածը:
Ահա կը բանամ ուրիշ թերթ մը: Ասիկա նախկին օրաթերթ մըն է, որ հիմա վերածուած է շաբաթաթերթի: Աւելի քան հարիւրամեայ թերթ մը: Անոր Ա. էջի մէկ վերնագիրը կ՛ըսէ. «Պատերազմի բերումով ԼՂ մուտք գործած զինեալ ուժերը ՀՀ պիտի վերադառնան. Ա. Գրիգորեան»:
Այսպիսի խորագիր մը, արեւմտահայ թերթի մը մէջ, մերժելի է իմ կողմէ:
Ամէն բանէ առաջ՝ միանգամընդմիշտ պէտք է հրաժարիլ սա զզուելի յապաւումներէն, որոնք ժառանգ մնացին մեզի սովետական շրջանէն: Ի՞նչ ըսել է «ԼՂ», ի՞նչ ըսել է «ՀՀ»: Այո՛, գոնէ ընթերցասէրներս գիտենք, որ «ԼՂ»ն Լեռնային Ղարաբաղն է, իսկ «ՀՀ»ն ալ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սակայն ինչո՞ւ չենք գրեր «Ղարաբաղ» (կամ Արցախ) ու չենք գրեր «Հայաստան»: Այո՛, պարզապէս ՀԱ-ՅԱՍ-ՏԱՆ: Ծո՛վը թափեցէք այդ անճոռնի «ՀՀ»ն:
Յետոյ, ուրկէ՞ իւրացուեցաւ արտայայտութեան մը հեղինակին անունը իր արտասանած խօսքին ԵՏԵՒԸ դնելու յոռի սովորութիւնը: Մեր արեւմտահայ բարքերով՝ ենթակային անունը կը դրուի իր արտայայտութեան ՍԿԻԶԲԸ: Ա՛յս եւս կապկած ենք հայաստանեան մամուլէն: Կը կապկե՜նք ու կը կապկե՜նք…: Հօ՜, հօ՜…
Հետեւաբար, 100ամեայ այդ թերթին վերոնշեալ խորագիրը ես պիտի ուզէի տեսնել սա՛ ձեւով.
«Ա. Գրիգորեան կը հաւաստիացնէ, թէ պատերազմի բերումով Արցախ մեկնած զինեալ ուժերը Հայաստան պիտի վերադառնան»:
Քիչ մը ճիգ ու ճաշակ, սիրելի՛ խմբագիրներ, որպէսզի մենք ալ զգանք, թէ արեւմտահայ թերթ մը բացած ենք…:
ՀԱԼԷՊ