ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերուն մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի գործողութեան 39ամեակը:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամ Արթիւր Մկրտչեան, որ իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը եւ նշեց, որ Լիզպոնի անձնազոհները պահանջատէր հայութեան համար կը մնան յարատեւ պայքարի ուղեցոյց եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուսանելի օրինակ: ՀՄԸՄական յաջորդական սերունդներ մեծցած եւ դաստիարակուած են այն բոլոր արժէքներով, որոնց համար իրենց սեփական կեանքը զոհեցին Արան, Սագօն, Վաչէն, Սիմոնը եւ Սեդրակը: Հայութիւնը Երեւանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը կը խոնարհի Լիզպոնի հինգի յիշատակին դիմաց եւ ամէն տարի 27 Յուլիսին կը վերանորոգէ անոնց ուղին շարունակելու իր յանձնառութիւնը:
Իր կարգին, Համբիկ Սասունեան գնահատեց ՀՄԸՄի դերը հայ կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը մեծ հարստութիւն է: Ինք հպարտ է, որ պատանեկութեան ՀՄԸՄական եղած է: ՀՄԸՄը դպրոց մըն է, որմէ միշտ սորվելիք ունին մեր պատանի-երիտասարդները:
Սասունեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները, ապա օրուան խորհուրդին մասին արտայայտուելով՝ յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարերու իր պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է շատերու տիրապետութեան, բայց շնորհիւ իր պայքարի ոգիին, ազգութիւնը պահած է հաւատքով, լեզուով, աղօթքով, մշակոյթով եւ զէնքով:
«Այսօր եւս մեր հայրենիքը կը գտնուի դժուար պայմաններու մէջ, որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին պատասխանատուներ, որոնց համար հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը անիմաստ բաներ են. անոնք պատրաստ են զիջելու եւ պարտուելու, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է հայրենասիրութիւնը, ծառայութիւնը, քաջութիւնը եւ արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:
Իր պատգամի աւարտին, Համբիկ Սասունեան հաստատեց, որ հայրենիքը եւ ազգը կը պահուին խիզախներով, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչները կը գտնուին այս սրահին մէջ՝ տղաք, որոնք իրենց պայքարի ներշնչումը առած են Լիզպոնի տղոց գերագոյն նուիրաբերումի օրինակէն: «Անոնք ունին պայքարի բացառիկ կամք եւ զոհաբերութեան մեծ պատրաստակամութիւն: Լիզպոնը կը մնայ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պատուաբեր եւ հպարտաբեր մէկ դրուագը, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ Լիզպոն ծնած ժողովուրդին եւ անոր գաղափարական ու ՀՄԸՄական զաւակներուն: Փառք Լիզպոնի հերոսներուն եւ խոնարհում անոնց անմոռանալի յիշատակին», շեշտեց Սասունեան:
Երեկոյին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան առաջարկով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը մարզախաղերու ոսկի մետալներով պատուեց 19 խիզախներ՝ Արցախեան վերջին պատերազմին մասնակցած ՀՄԸՄականներ՝ Յարութ Դերիկլեան, Էտկար Մկրտչեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարին Աւագեան, Սարգիս Գայմագամեան, Սարմէն Սաֆարեան, Հայկ Յակոբեան, Եդուարդ Էլբակեան, Անդրանիկ Աբոյեան, Արտաշէս Յակոբեան, Արտակ Ռէյվազեան, Դաւիթ Իսրայէլեան, Անուշաւան Հայրապետեան, Էրիկ Նորոյեան, Գարիկ Միքայէլեան, Արման Գալստեան, Սահակ Յակոբեան, Արթիւր Միրզախանեան եւ Գագիկ Այվազեան:
Երեկոն խանդավառեցին «Սասնայ Ծռեր» ազգագրական համոյթը եւ յեղափոխական երգերու երգիչ Սուրէն Աճէմեան: