ԵՐԵՒԱՆ.- 29 Յուլիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ շարժման դաշնակցական երեք երիտասարդներ, որոնք ձերբակալուած էին գիւմրեցի «պապիկներ»ը ծեծի ենթարկելու գործով, ազատ արձակուած են գրաւի դիմաց: Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:
Ելոյթ ունեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ այսօր պետութիւն չկայ, բոլոր կառոյցները վարչապետի գերին են։
Ան շեշտեց, որ եթէ ընդդիմութիւնը երթայ խորհրդարան, պիտի երթայ բացառապէս ժողովուրդին՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ձեւաւորած օրակարգով՝ Հայաստանի գործող վարչապետի հեռացում եւ Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած սպառնալիքներու դէմ պայքար:
«ԱԺում մեծամասնութիւն կազմող խմբակը մանդատներց (յանձնարարութիւններէ) զրկելու շանտաժով (սպառնալիքով) մեզ չի կարող ներքաշել իր հայրենադաւ եւ ապազգային դաւադրութեան մէջ: ՔՊական ուսապարկերն իրենց ծոծրակները կը տեսնեն, բայց մեզ իրենց կեղծ օրակարգով ԱԺ դահլիճում չեն տեսնի: Հայ ժողովուրդը, ցաւօք, այլեւս չունի միասնական կամարտայայտման այլ հարթակ, քան այս փողոցն է ու այս հրապարակը: Մեր փողոցային պայքարն այս պահին, այլընտրանք չունի», յայտնեց ան։

«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակցողները:
Այնուհետեւ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման երթը:
Երթին մասնակցողները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, այնուհետեւ վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր աւարտեցաւ հաւաքը։ Սաղաթէլեան ներկայացուց յետագայ կատարուելիքները եւ ընդդիմութեան ծրագիրները։