
Դարձեալ տարուան այն ժամանակն է, երբ համայնքի անդամները ի մի կու գան՝ նշելու գաղութի կեանքին մէջ երկար տարիներու ներկայութիւն ունեցող եւ անոր ամէնէն հեղինակաւոր հաստատութիւններէն՝ «Ասպարէզ»ի տարեդարձը։
Օգոստոսին իր 114րդ տարեդարձը նշող թերթս 1000 տոլարի յատկանշական նուիրատուութիւն մը ստացաւ «Ասպարէզ»ի ծննդավայր Ֆրեզնոյի համայնքի նուիրեալ եւ գործօն անդամ Ալիս Կիւրէղեանէն՝ ի յիշատակ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր Մելիք Շահի։
Ալիս Կիւրէղեանի հանգուցեալ ամուսինը՝ Կարօ Կիւրէղեան, զաւակն էր «Ասպարէզ»ի ազդեցիկ խմբագիրներէն Արմենակ Մելիքեանի (1949-1952 եւ 1969-1970), որ կը գործածէր Մելիք Շահ գրչանունը։
Կիւրէղեանները 2014ին, Մելիք Շահի ի պատիւ կատարած էին 300,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ իրականացաւ Ֆրեզնոյի հայութեան սիրտը հանդիսացող Հայ կեդրոնի վերանորոգութիւնը եւ 2017ին անիկա վերակոչուեցաւ իրենց անունով։
2015ին, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը մեծարեց տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեանները՝ անոնց տասնամեակներու նուիրեալ սպասարկութիւններուն համար:
Խմբագրութեան աշխատանքին կողքին, Մելիք Շահ նաեւ հեղինակած է բանաստեղծութիւններ եւ եղած է ՀՅԴի ղեկավարներէն մէկը։
«Ասպարէզ»ի 95րդ տարեդարձին առիթով Փօլ Չատրճեանի գրած յօդուածին մէջ, թերթին աշխատակիցներէն Եդուարդ Մկրտիչեան յիշեցուցած էր, թէ Մելիք Շահ դիւրամատչելի գրութիւններ ունէր եւ շատ համեստ ու կատակասէր անձնաւորութիւն մը էր։
Հայկական լրատուական ցանցի վարչութեան, «Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան, խմբագրութեան եւ անձնակազմին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալիս Կիւրէղեանին, վստահաբար իր ամուսինը հպարատացնող այս քայլին համար, միաժամանակ յուսալով, որ թերթին զօրակցելու անոր քայլը օրինակ կը հանդիսանայ ուրիշներուն։