ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) ներկայացուց նոր միջպետական ամբողջական գանգատ՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի:
27 Յուլիսին ներկայացուած գանգատը, ըստ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչին, կը վերաբերի «2022 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Խրամորթ եւ Փառուխ գիւղերուն ուղղութեամբ ձեռնարկուած յարձակումին պատճառով քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտման, Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի իրական սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ 2021-2022 թուականներուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ուժի կիրարկման դէպքերուն, որոնց իբրեւ արդիւնք խախտած է անձերու կեանքի իրաւունքը»:
Նշենք, որ տակաւին լարուած կը մնայ սահմանային դրութիւնը Արցախի մէջ, ուր կացութիւնը սրեցաւ Մարտի վերջաւորութեան, երբ Ատրպէյճանի զինուժը խախտեց շփման գիծը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ՝ հայկական կողմէ զոհեր պատճառելով:
Շուրջ մէկ ամիս ատրպէյճանցիներուն համար թիրախ դարձաւ նաեւ Արցախի Խրամորթ գիւղը, որուն ուղղութեամբ կրակ արձակուեցաւ նաեւ ականանետերէ: Իր տան բակին մէջ խաղաղ բնակիչմը վիրաւորուեցաւ ատրպէյճանական ականի պայթումէն, կիները եւ նուկները ստիպուած հեռացան գիւղէ: Ատրպէյճանական կողմի՝ դիրքերուն զինուորական սարքերը մօտեցնելը խրամորթցիները տագնապի մատնեց ։ Օրեր ետք, ռուս խաղաղապահները մնայուն յենակէտ տեղակայեցին, որմէ ետք այդ հատուածին մէջ լուրջ միջադէպեր չեղան: