ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 77ամեակի պաշտօնական տօնակատարութենէն ետք, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախագահական պալատին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցան:
Աւելի ուշ անոնց միացաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն:
Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն ներկայացուց իսրայէլացի պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր խորհրդակցութիւններու մանրամասնութիւնները եւ այդ իմաստով լսեց լիբանանեան միացեալ կեցուածքը:
Հանդիպումէն ետք Հոքշթայն շեշտեց, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները շատ կարեւոր են, եւ ընդգծեց, որ ինք լաւատես է` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առումով:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային վերադառնայ շրջանը` վերջնական արդիւնքի յանգելու համար:
«Շատ լաւատես եմ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի կարենանք համաձայնութեան մը յանգիլ` ծովային սահմանագծումին իմաստով», հաստատեց ան:
Նշենք, որ «Ճազիրա»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, թէ Հոքշթայն Լիբանանին ներկայացուցած է իսրայէլեան առաջարկ մը, որուն մէջ Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ Լիբանանին կը տրուի, այն պայմանով որ թիւ 23րդ սահմանագիծի հիւսիսային շրջանէն բաժին մը յանձնուի Իսրայէլին: