ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 Օգոստոսին ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը եւ անոր ներկայացուց վերջին օրերուն տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակը:
Միրզոյեան դատապարտեց եռակողմ յայտարարութիւններու կամայական մեկնաբանութեան եւ իրավիճակի ապակայունացման ատրպէյճանական փորձերը` ընդգծելով միջազգային հանրութեան` մասնաւորապէս ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւններուն կողմէ իրավիճակի հասցէական գնահատականներու կարեւորութիւնը:
Վերահաստատուեցաւ հայկական կողմի կառուցողական դիրքորոշումը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Արցախի տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հանդէպ։