ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արդէն երրորդ օրն է, որ Արցախի շփման գիծի կարգ մը հատուածներու մէջ կը շարունակուի լարուածութիւնը:
Շփման գիծի լարուածութեան այս մթնոլորտին մէջ, Ստեփանակերտ յայտնեց, որ Պաքու պահանջած է Արցախ-Հայաստան երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպել: Յստակ չէր, թէ ինչ ժամկէտներու մէջ եւ արդեօք հայկական կողմը համաձա՞յն է ատրպէյճանական կողմի պահանջին: Արցախի նախագահականէն չպարզաբանեցին այս մասին։
3 Օգոստոսին, Պաքուի պահանջին անդրադարձաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ յայտարարելով, որ Արցախը Հայաստանին կապող երթեւեկը Լաչինի միջանցքի փոխարէն այլ երթուղիով կազմակերպելու Ատրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:
Վկայակոչելով 2020ի Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտը, որուն մէջ սահմանուած են Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի ստեղծման եւ գործունէութեան վերաբերեալ հարցերը՝ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Կողմերի համաձայնեցմամբ առաջիկայ երեք տարուայ ընթացքում կ՛որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապն ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղու կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահ զօրամասի յետագայ վերաբաշխմամբ` այդ երթուղու պահպանութեան համար»:
Գրիգորեան շեշտեց, որ այս պահուան դրութեամբ, համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի, թէեւ, ըստ անոր, այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանք կատարուած է:
«Յամենայնդէպս` Հայաստանը որեւէ ծրագրի համաձայնութիւն չի տուել, հետեւաբար Ադրբեջանի պահանջը լեգիտիմ (օրինական) չէ», ըսաւ ան՝ նշելով, որ Հայաստան արդէն իսկ առաջարկած է եռակողմանի ձեւաչափով համաձայնեցնել եւ ստորագրել ծրագիրը եւ համաձայնեցուած ժամանակացոյցով ու ճանապարհային քարտէզսով ընթանալ յառաջ:
«Դայ այն է, ինչ նախատեսուած է 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ», դիտել տուաւ Գրիգորեան՝ չյստակացնելով, թէ Հայաստանի առաջարկած ժամանակացոյցը ինչ ժամկէտներ կը նախատեսէ։