Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան հրաւէրով, Դեկտեմբերի երկրորդ կիսուն Քանատա այցելեց անգլիացի համբաւաւոր լրագրող եւ մտաւորական Ռապըրթ Ֆիսք ու համալսարանական շրջանակներու մէջ տուաւ զոյգ դասախօսութիւններ, առաջինը՝ Թորոնթոյի, իսկ երկրորդը՝ Մոնթրէալի մէջ: Զոյգ ձեռնարկներն ալ պսակուեցան յաջողութեամբ, շնորհիւ McGill-ի եւ University of Toronto-ի Հայ ուսանողական միութեանց (ASA) համագործակցութեան եւ ներդրումին:
Նշենք թէ Ֆիսք հանրածանօթ է իր հայանպաստ ու խիզախ կեցուածքներով: 1970էն սկսեալ, ան մօտէն հետեւած է միջազգային քաղաքական բախումներուն ու տարբեր աշխարհամասերու վրայ բռնկած յեղափոխութիւններուն, յատկապէս կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու քաղաքական տագնապներուն վրայ: Ներկայիս, Ռապըրթ Ֆիսք անգլիական The Independent օրաթերթի Միջին Արեւելքի թղթակիցն է եւ աւելի քան քսանհինգ տարիէ ի վեր կայք հաստատած է Պէյրութի մէջ։ Ան հեղինակն է Pity the Nation: Lebanon at war եւ The Great War of Civilisation գիրքերուն եւ շահած է բազմաթիւ լրագրական մրցանակներ։
Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ, 18 Դեկտեմբերին, կազմակերպութեամբ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ Օնթարիոյի հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումին (COASA), University of Toronto-ի մէջ: Ռապըրթ Ֆիսք նախ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի ներկայ վիճակին մասին, ապա կեդրոնացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան վրայ։ Նշենք որ The Great War of Civilization գիրքին մէջ, հեղինակը բաժին մը յատկացուցած է Մեծ Եղեռնի վերապրողներուն։ Ան գիրքէն հատուածներ կարդաց եւ խօսեցաւ վերապրողներուն հետ իր հարցազրոյցներուն մասին։ Դասախօսութեան աւարտին, հարց-պատասխանի միջոցաւ, Ֆիսք լուսաբանեց կարգ մը այլ հարցեր։ Ձեռնարկէն ետք, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս Ֆիսք հիւրը եղաւ Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան:
Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ նաեւ Մոնթրէալի մէջ, Երեքշաբթի 19 Դեկտեմբերին, ՄքԿիլ համալսարանէն ներս, ուր Ֆիսք կրկին ներկայացուց իր վերջին գիրքը՝ The Great War of Civilisation եւ դարձեալ ծանրացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթին վրայ: Ձեռնարկի աւարտին, գրքի հեղինակը մակագրեց փափաքողներու ձեռք բերած հատորները:
Ֆիսքի այս այցելութեան առիթով, իր հետ հարցազրոյցներ ունեցան CTV եւ CBC National կայանները, ինչպէս նաեւ Օթթաուայի դիւանագիտական շրջանակներու յատուկ Embassy թերթը:
Յիշենք նաեւ, թէ Ռապըրթ Ֆիսք իր մասնակցութիւնը բերաւ Թորոնթոյի մէջ կայացած Reviving the Islamic Spirit միջազգային համագումարին եւ իր դասախօսութեան մեծ մասը տրամադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այս դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան իսլամ երկիրներէ հազարաւոր ներկայացուցիչներ եւ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ:
Նոյն օրերուն նաեւ, Ֆիսք այցելեց Լոս Անճելըս, ուր նմանօրինակ դասախօսութիւն մը տուաւ, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբին: