ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Բանակցութիւնները տեւեցին 4 ժամ 15 վայրկեան եւ աւարտին երկու նախագահներուն կողմէ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը: Այս հանդիպումը միջազգային բեմահարթակին վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ:
Նկատի ունենալով, որ Էրտողան-Փութին հանդիպման ճիշդ նախօրեակին, Արցախի ճակատին վրայ արիւնալի բախումներ տեղի ունեցած էին՝ պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Էրտողան եւ Փութին պիտի քննեն նաեւ Արցախի հիմնահարցը: Նախապէս կատարուած այդ յայտարարութիւններով հանդերձ, Սոչիի հանդիպման յաջորդած յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ ուղղակիօրէն տեղ չէ գտած այս հարցը: Էրտողանի եւ Փութինի յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ «տարածաշրջանային կայունութեան առումով Անգարայի եւ Մոսկուայի անկեղծ եւ վստահելի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն»:
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Էրտողան-Փութին հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան բազմաթիւ նիւթեր, որոնք առանցքային նշականութիւն ունին Անգարա-Մոսկուա բազմակողմ համագործակցութեան մէջ: Սուրիոյ ներկայ կացութենէն սկսեալ մինչեւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները, Ուքրայնիոյ տագնապէն սկսեալ մինչեւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը եւ Թուրքիոյ մէջ հիւլէակայանի կառուցումը: Նոյն ժամանակ, նախագահները համաձայնութեան հասան, որ Ռուսիայէն ներածուած բնական կազին համար Թուրքիա վճարումները մասամբ ռուբլիով կատարէ, ինչ որ ելեւմտական համագործակցութեան տեսակէտէն նորութիւն մը կը համարուի:
Փութին Սոչիի հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպա երախտապարտ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ: «Ո՛չ միայն բնական կազ, այլեւ Թուրքիա կ՛ուղարկուին նաեւ քարիւղ եւ ածուխ: Իսկ հացահատիկի միջանցքի համաձայնութիւնը եւ գործադրութեան սկսիլը Թուրքիոյ ջանքերուն շնորհիւ կարելի դարձած է», նշեց Փութին:
«Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծեցին Պոլսոյ համաձայնութիւններու կատարումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ ռուսական հացահատիկի անխոչընդոտ արտածումը: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները համաձայնեցան աւելցնել երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները: Կողմերը համակարծիք եղան, որ կարեւոր է պահպանել Սուրիոյ քաղաքական միասնութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Փութին եւ Էրտողան չեն քննարկած Ռուսիոյ մէջ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը կամ Ռուսիոյ կողմէ անոնց գնումը: