Արցախի Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու բնակչութիւնը տարհանելու նպատակով, ներկայիս ցուցակագրման գործընթաց կը կատարուի՝ յստակացնելու համար, թէ որո՛նք կ՛ուզեն հաստատուիլ Արցախ, որո՛նք՝ Հայաստան:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ երեք համայնքներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, շուրջ 100 ընտանիքներ կը բնակին: «Համայնքապետերը կը ներկայացնեն համապատասխան ցուցակները եւ ըստ այդմ` կը լուծուի Արցախ տեղափոխուող ընտանիքների բնակապահովման խնդիրը: Այն ընտանիքները, որոնք կը տեղափոխուեն Հայաստանի Հանրապետութիւն, կը ստանան բնակարան գնելու սերտիֆիկատ, իսկ մինչ այդ` բնակարանի վարձավճարի փոխհատուցում: Նախնական տուեալներով Արցախում հաստատուելու ցանկութիւն է յայտնել նշուած համայնքների բնակչութեան մօտ 25-30 տոկոսը», մանրամասնեց Խանումեան:
Ան ընդգծեց, որ արդէն յստակ է, թէ ո՛ւր պիտի տեղաւորուին Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն տարհանուող ընտանիքներէն Արցախ բնակելու փափաք յայտնողները, որոնց պետութիւնը բնակարան պիտի տրամադրէ։
Խօսելով տարհանման ընթացքին վերաբերող հարցերուն մասին՝ Խանումեան յայտնեց, որ տեղափոխման հարցերը պիտի լուծուին միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ պետութեան օգնութեամբ:
«Այս պահին մեր գործընկերների հետ բանակցում ենք, որպէսզի օգնեն գործընթացի կազմակերպման հարցում: Քննարկւում են տեխնիկական (արհեստագիտական) մանրամասները` ի՞նչ ձեւով փոխանցուի գումարը եւ այլն», ըսաւ ան՝ հաստատելով, որ տեղափոխման վերաբերեալ հարցեր չկան:
Ըստ անոր՝ մինչեւ 25 Օգոստոս կարելի է արագ եւ ժամանակին կազմակերպել տարհանումը:
Մինչ այդ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին կը կատարէ պատմամշակութային ժառանգութիւնը դուրս բերելու աշխատանքը:
Պատասխանելով Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ուղիով երթեւեկ կազմակերպելու առանձնայատկութիւններուն եւ անոր կից կառուցուող նոր ենթակառուցուածքներուն վերաբերող հարցումին` Խանումեան բացատրեց, որ նոր երթուղին կը սկսի Տասը Վերստ բնակավայրէն, կ՛անցնի Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս համայնքի վարչական տարածքով եւ կը հասնի մինչեւ Հայաստանի սահմանը:
«Դեռեւս կառուցուած չէ դէպի Կոռնիձոր 11 կիլոմետրանոց ճանապարհահատուածը: Մինչեւ այդ, ժամանակաւորապէս կ՛անցնենք 4 կիլոմետրանոց գրունտային փոքր հատուածով, որը միանում է գործող մայրուղուն` Աղաւնոյի հէնց վերեւում», ըսաւ Խանումեան` աւելցնելով, որ այլընտրանքային ուղին պիտի գործէ միջանցքի տրամաբանութեամբ:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի սահմանէն Կոռնիձոր երկարող ուղին կը նախատեսուի կառուցել շուրջ 250 օրերու ընթացքին:
Այլընտրանքային ճամբու ապահովութիւնը պիտի ըլլայ ներկայիս Բերձոր-Աղաւնոյով անցնող միջանցքի սկզբունքով. նոր երթուղիի 5 քիլոմեթրնոց հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը:
Խօսելով այլընտրանքային ուղիին երկայնքով Արցախը սնուցող նոր ենթակառուցուածքներուն, մասնաւորապէս՝ կապի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման բարձրավոլթ գիծերու անցնումին մասին՝ Խանումեան ըսաւ, որ աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են. կը նախատեսուի աւարտին հասցնել կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։