Այո… կռահեցիք… Հայ օգնութեան միութեան երթին մասին է։
Տարիներու պատուաբեր, իր յանձնառութեամբ շքեղացած, կանգուն պատուանդանին վրայ եւ անկէ ճառագայթող մայրական գթառատութեամբ, կորովով ու ջանասիրութեամբ ծառայեր է Ան մի՛շտ «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» բնաբանով, իսկ այսօր, նոր մարտահրաւէրներով լի ժամանակաշրջանին, մայրական խորունկ բնազդով, շրջահայեցողութեամբ զինուած, Ան ասպարէզ կ’իջնէ 100ամեակի հիմնարդամ նոր նշանակէտով մը, որպէսզի ՀՕՄի պատուանդանը հաստատուի «ապառաժի վրայ», հողմերէն ու աւերներէն զերծ՝ լիաբուռն բաշխուելու համար իր ժողովուրդին։
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կոչին ընդառաջ, Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կեանքի կոչեց 100ամեակի հիմնադրամի յանձնախումբ մը, որուն գործունէութեան առաջին քայլը, որպէս տաք հնոցէն ելած աղիւս, ջերմութեամբ ու գեղեցկութեմաբ փայլեցաւ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Նովա Հինտոյեաններու տօնական շքեղութեամբ լուսազարդուած հայաբոյր ու հիւրընկալ բնակարանին մէջ, 17 Դեկտեմբեր 2007ի երեկոյեան, ուր հիւրեր, բարեկամներ, հրաւիրեալներ տօնական մթնոլորտի մէջ հոգեկան վայելքի երեկոյ մը ապրեցան։
«Քանզի գործը բարի էր, իսկ վաստակը՝ արդար»։
Յանձնախումբի ատենապետուհի եւ օրուան հանդիսավար Մաքօ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց հիւրերը, առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ եւ ամուսինը՝ Թանի Տէրտէրեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա եւ ամուսինը՝ Պարգեւ Փէլթէքեանը, Շրջանային վարչութեան մօտ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Գոսագեանը, Ազգային վարչութեան անդամ տէր եւ տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը, ազգային բարերարուհի եւ 100ամեակի յանձնախումբի պատուոյ անդամուհի Աշխէն Փիլաւճեանը, Հայ Դատի ներկայացուցիչներ Րաֆֆի Համբարեանը եւ Այտա Տիմիճեանը, հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ ՀՕՄի գործունէութեան եւ նոր նշանակէտին մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութեանը համար եւ հրաւիրեց զինք սեղանը օրհնելու եւ իր պատգամը տալու։
Առաջնորդ սրբազան հայրը նոր ժամանած ըլլալով վեհափառ Արամ Ա. կաթողիկոսի մեծարման հանդիսութենէն, փոխանցեց վեհափառ հօր ու իր ողջոյնները եւ իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց ի նպաստ Հիմնադրամին։
Երեկոն լի էր անակնկալներով։
Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը ՀՕՄի բարերարներէն է, իսկ մայր Տէր Յովհաննէսեանը, ընկհ. Նուարդ, մայր Մհերին եւ ընկհ. Նովային, իւրայատուկ ձեւ մը գտած է նպաստելու Հիմնադրամին, այն է՝ մէկական տոլար հաւաքել իր շրջապատի անհատներէն տարբեր առիթներով, եւ արդէն իսկ գոյացուցած է 1000 տոլար։ Եւ ուրեմն… պահը յարմար էր, իսկ Նուարդ Տէր Յովհաննէսեան իր դերին մէջ։ Ընկերուհին արդէն իսկ անձնապէս կատարած է 1000 տոլարի նուիրատուութիւնը։
Ո՜հ, հայօրէն ապրող, անընդհատ բանող, խթանող, ոչինչէն ստեղծող ու թռիչք տուող այս ՀՕՄուհիները սիրելի, երկա՜ր ու երկա՜ր ապրին թո՛ղ։
Մաքօ Մկրտիչեան բեմ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնա Փէլթէկեանը։ Ընկերուհին անդրադարձաւ ՀՕՄի գործունէութեան, իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Հինտոյեան ընտանիքին եւ յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին յետագայ իր գործունէութեան մէջ։
Հանդիսավար ընկերուհին բեմ հրաւիրեց գրականագէտ-դասախօս Րաֆֆի Սէթեանը, ՀՕՄի նախկին սաներէն, Ամերիկայէն ուսանելու մեկնած Պէյրութի ճեմարան։
«Իմ կեանքիս ուղին փոխած է ՀՕՄը», իր հակիրճ խօսքին մէջ ըսաւ պրն. Սեթեան։
«Այսօր ցնծութիւն է պէտք է ցնծալ… տալ ՀՕՄին առաւելագոյն չափով, որպէսզի ան կարենայ շարունակել բաշխումի իր աշխատանքը»։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տանտիրուհին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհի Նովա Հինտոյեանը։ Բարի գալուստի խօսքին առընթեր ընկերուհին ջերմ զգացումները յայտնեց հանդէպ իր ամուսնոյն, որուն անվերապահ աջակցութեան ու քաջալերանքին արժանացած է միշտ։ Երախտագիտութեամբ յիշեց իր կեսրայրին ու կեսուրին՝ Գէորգ եւ Տիգրանուհի Հինտոյեաններուն, այժմ ողբացեալ, յարատեւ քաջալերանքը, նաեւ վաղամեռիկ իր հօր եւ որոնց յիշատակին նուիրած էին սոյն ճաշկերոյթը, ապա, իր մօր, որ մանուկ հասակէն զինք առաջնորդած էր հո՛ն «ուր կար շունչը հայկական, մշակութային կեանք կա՛ր, եւ ուր կա՛ր նաեւ նուիրաբերելու, զոհաբերելու ոգին»։ Հոս ընկերուհին շեշտեց Սուրիոյ Հայ օգնութեան խաչի դաստիարակութեան ճամբով ապագայ ՀՕՄուհիի կերտման իր վրայ ձգած ազդեցութիւնը։
Ընկհ. Նովա յատուկ անակնկալ մը վերապահած էր մեզի։ Ան ոչ միայն լայնօրէն բացած էր ի՛ր տան դուռները հայկական ճոխ սեղաններու շուրջ, այլ կու գար յայտարարել 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը իր եւ երկու ՀՕՄուհի դուստրերուն կողմէ, 15,000 տոլար տէր եւ տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովեաննէսեան, 5,000 տոլար տէր եւ տիկ. Շահան եւ Անի Տէր Յովհաննէսեան, նաեւ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան մասնակցութիւնը հիմնադրամին… եւ երեկոն շարունակուեցաւ իր անակնկալ նուիրատուութիւններով, որոնց ընդհանուր գումարը հասաւ 118,550 տոլարի։
Պատշաճ ու տեղին էր ընկհ. Մաքոյի ասմունքը՝ Աղաւնիին «Հայաստանի տղաներին» քերթուծը, այս պարագային նուիրուած այն արի արանց, որոնք թեւ ու թիկունք կը կանգնին իրենց կանանց միութենական աշխատանքներուն։
Եւ կ’ակնկալենք մեր պարոնայքէն, աշխարհասասան այս օրերուն ըլլալ աչալուրջ եւ ո՛չ ինքնակեդրոն, ըլլալ մղիչ ուժը եւ ո՛չ արգելակը իրենց քոյրերուն, տիկիններուն եւ մայրերուն, որպէսզի ՀՕՄի ընտանիքին միջոցով մեր Մեծ Ընտանիքը արժանապատուութեամբ դիմագրաւէ բոլոր գալիք մարտահրաւէրները։
Ընթրիքի ժամն անցեր էր թէեւ, ամէն կողմէ ուրախութեան կանչեր կային ծափողջոյններով յագեցած. պատճա՞ռ…. ընկհ. Մաքոն մէջ ընդ մէջ նուիրաբերումներու յայտարարութիւններ կը կատարէր իրեն յատուկ պերճախօսութեամբ։ Յարգարժան բարերար-բարերարուհիներ, բարեկամներ, ընկերուհիներ, նաեւ նուիրատուութան խոստում կատարած ազգակիցներ ու ՀՕՄուհիներ ամանօրեայ կաղանդչէքերով եկած էին զարդարելու ՀՕՄի այս գիշերուան կաղանդի ծառը, որպէսզի ոչ միայն անսասան մնար ՀՕՄը, այլ աճէր ընդերքներէն ներս խորացող արմատներով եւ մշտադալար տերեւներով, որպէս ամպհովանի տարածուէր իր ժողովուրդին վրայ… Կարիքի պահուն շնորհիւ ջրբաժան, ժրաջան, հայրենանուէր Սուրբ Գործին հաւատացող ուխտեալ, կամաւոր այս Հայ Մայրերուն ու Քոյրերուն, որոնց… Բիւր… Բիւր Յարգանք ու Պատի՛ւ։
Երեկոն տօնական իր մթնոլորտին մէջ պահեցին «Էլէմընթ» նուագախումբի բազմաշնորհ ղեկավար Արա Տապանճեանի, դաշնամուրի ընկերակցութիւնը Լորիկ Թաթուլեանի երգախառն միազաւէշտը, նաեւ Սագօ Սահակեանի երգերը։
Արդ, սիրելի հայրենակիցներ, սկսած է քայլարշաւը, լիաբուռն տուէք ՀՕՄին թէ՛ ձեր նիւթականը եւ թէ ձեր ժամանակը, եթէ անգտանելի է ժամանակը, ապա եւ տուէք լիաբուռն… ու …աւելին, որովհետեւ ՀՕՄի ազգաշէն ու հայրենաշէն առաքելութիւնը արժանի է մեր բոլորին գուրգուրաքին։
Սոյն երեկոյթին տեղի ունեցան 2 կարեւոր յայտարարութիւններ.
Ա.- 100ամեկի հիմնադրամի հանդիսաւոր բացում-ճաշկերոյթ, Լոս Անճելըսի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ, Կիրակի, 29 Ապրիլ, 2007ին, ժամը 5ին:
Այժմէն վերապահեցէք սոյն թուականը. իսկ… մանրամասնութիւնները՝ մօտիկ ապագային։
Բ.- «Դէպի մեր արմատները» ուխտագնացութիւն Պատմական Հայաստան, ներառեալ՝ Կիլիկիա, Մայիս 28էն մինչեւ Յունիս 13։
Ուրեմն յառաջ, պատուական հայեր եւ ՀՕՄուհի մայրերու ազնիւ զաւակներ, միացէ՛ք մեր երթին դէպի… 100ամեակ։